Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւածաղիկի Կուտի Շատ Օգտագործման Վնասները

Արեւածաղիկի կուտը կրնայ վտանգ ներկայացնել, ըսած է բժիշկ-սննդաբան եւ սննդաբաններու ազգային կազմակերպութեան անդամ Մարինա Մակիշա:

Մասնագէտին համաձայն, հարցը արեւածաղիկի կուտին բարձր «քալորի» ունենալն է՝ 50 կրամ մաքրուած կուտը օրկանիզմին 400 «քիլոքալորի» կը հայթայթէ։ Այս քանակութեամբ «քալորի» ամբողջական ճաշ մը կրնայ պարունակել: Ան կը յայտնէ, որ կուտի անվերահսկելի օգտագործումը կրնայ յանգեցնել կշիռքի բարձրացման, որ յաճախ կը յանգեցնէ առողջութեան վատթարացման։

«Կշիռքի բարձրացման կը յաջորդեն օրկանիզմին մէջ ամբողջ «էներճեթիք» նիւթափոխանակութեան խաթարումը, ներհամակարգային բորբոքումները եւ հիւանդութիւններու ամբողջ փունջ մը»,- ըսած է մասնագէտը։

Սննդաբան Միխայիլ Կինզպուրկի կարծիքով՝ արեւածաղիկի կուտը այլ բացասական յատկութիւններ եւս ունի։ Անիկա կրնայ «ալերժի» յառաջացնել եւ վտանգ ներկայացնել «կասթրիտ»ով եւ ստամոքսի խոցով տառապող մարդոց համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ