Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մինչեւ 15 Տարեկան Փոքրիկներու Լսողութեան Կորուստի Պատճառները

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` բնակչութեան 5 առ հարիւրէն աւելին կամ 466 միլիոն մարդ (432 միլիոն մեծ եւ 34 միլիոն փոքրիկ) ունի լսողութեան կորուստ:

Մինչեւ 15 տարեկան փոքրիկներու լսողութեան կորուստի պարագաներու 60 առ հարիւրի պատճառներէն են.

  1. Վարակները` կարմրուկ, կարմրախտ, խոզուկ, «մենինճիթ», «սայթոմեկալովիրուսային» բորբոքում, միջին ականջի քրոնիք բորբոքում (31%),
  2. նորածիններու ծննդաբերական վնասուածքները, անհասութիւնը, ծնելու ժամանակ ցած կշիռքը, դեղնուկը, ծննդաբերական բարդութիւնները (17%),
  3. «օթոթոքսիք» (լսողութեան գործունէութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն ունեցող դեղեր) դեղերու կիրառումը յղիներու ծիրին մէջ(4%),
  4. Այլ (8%):

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ կանխարգելիչ միջոցառումներն են`

  • փոքրիկներու դիմադրողականութիւնը կարմրուկի, կարմրախտի, խոզուկի, «մենինճիթ»ի դէմ,
  • դեռահասային եւ վերարտադրողական տարիքի աղջիկներու եւ կիներու պատուաստումը կարմրախտի դէմ մինչեւ յղութիւնը,
  • ականջի համապատասխան խնամքի պահպանումը,
  • բարձր աղմուկի ազդեզութեան նուազեցումը,
  • միջին ականջի «օթիթի սքրինինկ»ը եւ համապատասխան վարումը,
  • լսողութեան համար վտանգ ներկայացնող դեղերու կիրառման բացառումը կամ սահմանափակումը,
  • նորածնային «սքրինինկ»ը,
  • իրազեկումը դեռահասներու ծիրին մէջ:

Խնդիրներու կանուխ յայտնաբերումը եւ համապատասխան միջոցառումներու կիրառումը հիմնական գործօններն են, որոնք կրնան նուազեցնել լսողութեան կորուստի ազդեցութիւնը փոքրիկի զարգացման եւ յառաջադիմութեան վրայ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ