Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարիամ Աստուածածինի Աւետման Տօնը

«Օրհնեալ ես դու ի կանայս, եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քո»: 

(Ղուկ. Ա 42-43)

Ապրիլ 7-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Մարիամ Աստուածածինի Աւետման տօնը։ Ապրիլ 7-ին բոլոր եկեղեցիներու մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, որպէս մայրերու եւ մայրութեան բերկրանքը սպասող կանանց օրհնութեան օր։

Քրիստոնեայ հայերու համար ամենագեղեցիկ տօներէն է. կը խորհրդանշէ հայ բոլոր կանանց մայրութիւնն ու գեղեցկութիւնը։

Այս՝ ամենագեղեցիկ  տօներէն մէկը կը համընկնի գարնան ամենափթթուն ժամանակահատուածին, կարծես անգամ մը եւս ընդգծելով ծաղկումը, փթթումը, նոր կեանք ստացող ծիլ ու ծաղիկը: Կարծես անգամ մը եւս  յիշեցնելով, որ ձմռան ցուրտէն ու սակաւութենէն յետոյ բնութիւնը միշտ պիտի ծաղկի եւ նոր կեանք պիտի սկսի:

Մայրութիւնը ամէնէն օրհնեալ իրավիճակներէն է  այն կանանց համար, որոնք կը սպասեն եւ կ’ուզեն մայրանալ։ Նոյնքան օրհնեալ է նաեւ հայկական ընտանիքներու համար։

Աստուածածինի աւետման տօնը գեղեցիկ առիթ է, որ անգամ մը եւս յիշենք, գնահատենք եւ շնորհակալանքի խօսք յայտնենք աշխարհի բոլոր մայրերուն, բայց յատկապէս՝ հայ մայրերուն։ Անկախ անկէ, թէ քանի տարեկան են մեր մայրերը, անոնք միշտ գեղեցիկ են, միշտ երիտասարդ են  եւ միշտ ուղեցոյցն ու փարոսն են, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ոչ մէկ խօսք բաւարար է արտայայտելու մեր  երախտիքի, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի զգացումները:

Աշխարհի բոլոր բառարանները, բառերը, յոյզերն ու ջանքերը  բաւարար չեն հերոսածին հայ մայրերու առաջ խոնարհումի խօսք ըսելու համար: Անոնք տուած են մեզի իրենց ամենաթանկը՝ որդիներու կեանքը։ Յաւերժ պիտի խոնարհինք անոնց հերոսական կերպարի եւ զոհողութեան առջեւ։

Սիրելի մայրեր եւ ապագայ մայրեր, շնորհաւոր ձեր ամենագեղեցիկ տօնը։ Աստուածածինի բարեհաճութիւնը ձեզի ուղեկցի։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ