Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Reclaim


      
Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.  Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի եւ պատասխանատւութեամբ` Արժ. Տ. Վազգէն  Քհնյ. Մովսէսեանի, տարւոյս 19 Մարտին՝ Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Reclaim»-ի վեցերորդ տարեկան համաժողովը, որի այս տարուան քննարկման նիւթն էր՝ «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքը»։

      Համաժողովին ներկայ էին ութսունէն աւելի մասնակիցներ տարբեր տարիքային խմբերի, սակայն, հիմնական լսարանը կը բաղկանար 20-35 տարեկան երիտասարդներէ։

     Համաժողովն իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ աննախադէպ էր, քանզի իբրեւ քննարկման նիւթ՝ առաջ էին քաշուած այսօրուան երիտասարդին առաւել յուզող եւ առօրեայ կեանքին առաւել մօտ ու առնչուող հարցեր, ինչպիսիք են՝ ամուսնական զոյգերու յարաբերութիւնը, ամուսնալուծութիւններու եւ միայնակ ապրելու խնդիրը, սեռական դաստիարակութեան, ընտանեկան, կենցաղային եւ նմանօրինակ զանազան խնդիրներու վերաբերեալ հարցեր, որոնք իսկապէս կարիքը ունին անկեղծ եւ բաց քննարկումներու։

    Օրուան հանդիսավար՝ Բրշ․ Տիգրան Սրկ․ Յարութիւնեանը համաժողովի հիւրերուն եւ մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ՝ աղօթքի եւ բացման խօսքի համար հրաւիրեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը։ Աղօթքէն ետք, Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց Իր հայրական եւ քաջալերական  խրատը՝ առաւելաբար կարեւորելով նմանօրինակ համաժողովներու եւ դասախօսութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ հետզհետէ ականատես կ’ըլլանք բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու աղճատմանն ու գահավիժմանը: Սրբազան Հայրը ներկաներու ուշադրութեանը յանձնեց այն, որ այսօրինակ գիտելիքներու  պաշարումը՝ շաղախուած Աստուծոյ խօսքին ներկայութեամբ՝ պէտք է իր առաջնահերթ  տեղը ունենայ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի կեանքէն ներս, որպէսզի ան Աստուծոյ խօսքին ներկայութեամբ եւ կիրառմամբ ապրի եւ արարի իրեն բաժին հասած այս կեանքը: Սրբազան Հայրն Իր խօսքին ընդ մէջէն ներկաներուն յուսադրեց եւ քաջալերեց, որպէսզի առանց ընկրկելու եւ նահանջելու շարունակեն  այս Աստուածահաճոյ ամէնամեայ համաժողովի ընթացքը:

       Այս առթիւ Սրբազան Հայրն Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ համաժողովի պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեանը, ով տարիներէ ի վեր յանձնառու եղաւ կեանքի կոչելու այս առաքելութիւնը՝ աշխատելով անգամ համավարակի ծանր օրերուն։ Եւ ինչպէս նախկինում այսօր ալ անոր բծախնդիր ու նուիրեալ աշխատանքին հիմնական առանցքը կը կազմէ մասնակիցները զինելու հոգեւոր հիմնարար գիտելիքներով, որպէսզի անոնք  ապագային համար դառնան իրական  հայ քրիստոնեայ ընտանիքի հայրեր ու մայրեր:

      Ապա Սրբազան Հայրն  Իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց ինչպէս օրուան բանախօսներուն եւ ներկաներուն, այնպէս ալ առցանց zoom դրոյթով հետեւողներուն` այս գեղեցիկ ծրագրին իրենց մասնակցութեան եւ այն կեանքի կոչելու համար, ինչն ապագային առաւել նոր թափով եւ ուժով պէտք է շարունակուի:

     Այնուհետեւ խօսք առաւ համաժողովին կազմակերպիչ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեանը, ով նախ անդրադարձաւ «Reclaim»-ի այս տարիներու առաջընթացին եւ աճին, ապա օրուան Աւետարանական հատուածի շուրջ խորհրդածութենէ ետք, հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի այս լաւագոյն առիթն օգտագործեն՝ վերագտնելու եւ վերակերտելու համար իրենց կեանքն ու հաւատն առ Աստուած։

    Օրուան առաջին բանախօսն էր Հայկ Մատոյեանը, որի ներկայացման նիւթը «Սուրբ ամուսնութեան խորհուրդ»-ն էր, ապա հերթաբար իրենց դասախօսութիւններով հանդէս եկան Քրիստեն Մորֆիլդ՝ «Ընտանիքի առողջ պահելու գործօնները անառողջ աշխարհին մէջ», Անի Շահինեան՝ «Ընտանիքը շքեղութիւն է» եւ Դատաւոր Շերոն Գալեմկերեան՝ «Աշխատանք, բաժանում, ամուսնալուծութիւն եւ հաշտութիւն»:

       Իւրաքանչիւր զեկոյցի կը յաջորդեր ներկաներու հարց ու պատասխանը:

      Կէսօրուան՝ համաժողովը ընդմիջուեց ճաշի հատումով, որը պատրաստուած էր համաժողովի հովանաւորներէն՝ «Circle of Faith» խմբի կողմէ։

      Համաժողովին երկրորդ մասը յատկացուեցաւ քննարկումներուն, որոնց իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին՝ Փասատինայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց․ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Սարգիս Աւ․ քհնյ․ Պետոյեանը, Վիկտորեա Ամրանը, Մարիաննա Մուրադեանը, Լուսինէ Թաքմիզեանը, Դելիլա Շահպազեանը, դոկտոր Քրիս Աթամեանը, Հայկուհի Քաւուկջեանը, Կարոլին եւ Ալինա Սամուէլեանները եւ Տիրան Աւագեանը: Անոնց վերլուծութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու արդիւնքին բաւական առողջ ու բովանդակալից զրոյց մը ծաւալուեց։

     Համաժողովի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր բարեմաղթութիւնը եւ հիացմունքը յայտնեց ներկաներուն, ընդգծելով յատկապէս արծարծուող նիւթին յոյժ այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը՝ ըսելով․ «Մեզի համար համոզում է, որ ընտանիքը մանրակերտն է եկեղեցւոյ։ Եւ երբ մեր քայլերը կ՛ուղղենք դէպի այս ճշմարտութիւնը, ապա մենք որոշապէս կ՛իրագործենք Աստուծոյ մեծ Երազը։ Եւ որպէսզի ստեղծենք հրաշքը՝ հայ քրիստոնեայի ընտանիքը, մեզ անհրաժեշտ է մնալ Աստուծոյ սիրոյն ու իմաստութեան մէջ եւ մեր բովանդակ կեանքը ապրելու Քրիստոսի Աւետարանի պատգամներու համաձայն»։

      Այս տարուան «Reclaim» համաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբը կազմուած էր հետեւեալ անձերէ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեան, Տ․ Գէորգ քհնյ․ Աբեան, Նարեկ սրկ․ Կասեան, Արամ սրկ․ Դաքէսեան, Զարուհի Տէր-Մկրտիչեան, Լուսինէ Ամիրեան, Ալիս Աթամեան, բժիշկ Քրիս Աթամեան, Աննա Պօղոսեան, Հայկուհի Հայդի Կաւուկճեան, Անի Շահինեան, Դենիտա Շինօ եւ Լուսինէ Թաքմիզեան։

    «Reclaim» համաժողովը ամեն տարի տեղի կ՛ունենայ Մեծ Պահոց ընթացքին։ Յաջորդ տարուայ համաժողովը նախատեսուած է 2023 թուականի Մարտի 11-ին։

Նշե՛ք ձեր օրացոյցին մէջ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ