Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Յոբելենական Միջոցառում Արեւմտեան Թեմէն Ներս Նուիրուած Հայ-Ճապոնական Դիւանագիտական Յարաբերութեանց 30-րդ Ամեակին

    Կիրակի՝ 20 Մարտ, 2022-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ՝ Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճապոնիոյ եւ Հայաստանի Բարեկամութեան» միջոցառումը՝ նուիրուած երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 30-րդ ամեակին։ Միջոցառմանը ներկայ էին մեծ թիւով դիւանագէտներ, պաշտօնատար անձինք եւ պատկառելի հիւրեր։

    Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի եւ Լոս Անջելեսի մէջ Ճապոնիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը ոչ միայն երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական ջերմ յարաբերութիւններու վկայութիւնը կը խորհրդանշեր, այլեւ մէկ դարի հասնող բարեկամութիւնը, որը խարսխուած է բացառապէս փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ։  

    Ներկաներուն ողջոյնի եւ բարեմաղթութեան խօսքով հանդէս եկան՝ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Լոս Անջելեսի մէջ Ճապոնիոյ գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Ակիրա Մուտօ եւ Լոս Անջելեսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Արմէն Պայպուրթեան։

   Միջոցառումը նշանաւորուեց, երբ հայ եւ ճապոնացի հիւրերուն յատուկ տեսակապի միջոցաւ ողջունեց Հայաստանի մէջ Ճապոնիոյ արտակարգ և լիազօր դեսպան՝ Տիար Մասանորի Ֆուկուսիման, ով զրոյցի ընթացքին խօսեց ճապոնացի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ ապագայի համագործակցութեանց հեռանկարներու եւ այն ջերմ նուիրումի մասին, որոնցով օժտուած են այս երկու ժողովուրդները։

    Երեկոյին հնչեցին հայկական եւ ճապոնական ազգային երաժշտութիւններ եւ կատարումներ ճապոնացի երաժիշտներ՝ Կոզուէ Մացումոտոյի եւ Ռեյչէլ Ռուդիչի կողմէ։

    Միջոցառման ընթացքին բանախօսները անդրադարձան հայ եւ ճապոնացի ժողովուրդներու յարաբերութեանց առնուազն հարիւր տարուայ վաղեմութեանը, նշելով, որ դեռեւ 1922 թուականին՝ վիկոնտ Էյիչի Շիբուսաւան դարձաւ Ճապոնիոյ մէջ Հայ օգնութեան նորաստեղծ կեդրոնին առաջին նախագահը, որը ստեղծուել էր Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն օգնութիւն տրամադրելու համար: Այդ նոյն օրերուն Ճապոնիոյ մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Դիանա Աբգարը օգնեց առանց պաշտօնական փաստաթղթերու Ճապոնիա ժամանած հայ փախստականներուն՝ տրամադրելով յատուկ կարգավիճակ եւ ապաստան: 1922-ի Զմիւռնիոյ ողբերգութեան ժամանակ ճապոնական նաւը այն քիչերէն մէկն էր, որը համարձակուեց մօտենալ այրուող քաղաքին՝ փրկելու հարիւրաւոր հայերու եւ յոյներու։ Այդ օրուանէ սկսեալ ճապոնացի եւ հայ ժողովուրդներու ջերմ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ հայ ժողովուրդին առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողներէն մէկը եղաւ Ճապոնիան։ Այսօր Հայաստանին մէջ կը գործեն ճապոնական երկու կեդրոններ, որոնք նուիրուած են Հայաստանին մէջ ճապոներէն լեզուի կրթութեան եւ մշակոյթի խթանմանը։ Այդ ամենէն զատ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերականգնումի աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են ճապոնացի բարձրակարգ վերականգնող ճարտարապետ-մասնագէտներ, եւ որի ի դէպ համազգային դրամահաւաքի աշխատանքները կը ղեկավարէ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը։

   Ճապոնիոյ մէջ կը գործէ նաեւ Հայ-Ճապոնական բարեկամութեան կեդրոնը, որը հիմնադրուել է դեռեւս 1984 թուականին ճապոնացի հասարակական գործիչ, պատմաբան եւ գրող Հիդեհարու Նակաջիմայի կողմէ: Ասոցիացիան կը հրատարակէ ճապոներէն երկու եռամսեակային հանդէսներ՝ «Արաքս» եւ «Արարատ» անուանումներով։ Տոկիոյին մէջ կը գործէ նաև Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Ճապոնիոյ Կոմիտասի անուան երաժշտական ​​խումբը:

   Միջոցառման վերջաւորութեանը մասնակից հիւրերու միջեւ տեղի ունեցաւ մտքերու ջերմ փոխանակում, ինչպէս նաեւ ճապոնական ու հայկական ազգային ուտեստներու, խմիչքներու առատ հիւրասիրութիւն։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ