Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդական Սուրբ Պատարագ Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Վէննայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մէջ

       Կիրակի՝ 27 Մարտ, 2022-ի առաւօտեան, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Վէննայսի Սուրբ Պետրոս Հայց․ Եկեղեցւոյ մէջ։

      Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագի, ձեռամբ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ` եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շնորհք Աւ․ Քհնյ. ՏԷմիրճեանի՝ կատարուեց սարկաւագաց ձեռնադրութիւն, որով Բարեկրօն՝ Արարատ կիսասրկ. Գալփակճեանը եւ Յակոբ կիսասրկ. Ժամկոչեանը` արժանացան սարկաւագութեան աստիճանին:      

       Սուրբ Պատարագի եւ ձեռնադրութեան սրբազան արարողութիւններուն ներկայ էին ձեռնադրեալներու հարազատները եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութիւնը:

      Աստուածային խորախորհուրդ շնորհներով լցուած ձեռնադրութեան ընթացքին, ընծայեալները խարտաւիլակ Տէր Հօր առաջնորդութեամբ` ծնրադիր Սուրբ խորան բարձրացան` ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, «Աստուածային եւ Երկնային» հոգեզմայլ շարականի երգեցողութեան ներքոյ` անոնք հրապարակաւ ուխտեցին նուիրուել եւ ծառայել Հայաստանեայց եկեղեցուն եւ անոր Սուրբ Սեղանի սպասաւորութեանը: Ապա Սրբազան Հայրը ձեռնադրեալներու ուսերու վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Սուրբ  Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ տան մէջ խունկի անուշ բոյրը խնկարկելու իշխանութիւնը:   

      Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալները եւ իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրեց, որպէսզի Երկնաւոր  Տէրը Սուրբ Հոգիով հարստացնէ ու բանայ անոնց աչքերը հոգեւոր իմաստութեանց դիմաց, որպէսզի անոնք կարողանան առանց երկմտանքի յարատեւել աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։

      Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ նաեւ սարկաւագի նուիրական կերպարին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած բարձր եւ մեծ դերակատարութեանը՝ առաջին դարէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր:

      Հուսկ ամենայնի, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը օրուան խորհուրդի համաձայն` իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացելոց:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ