Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Աղօթք Վասն Հայրենեաց Եւ Հայոց Բանակին Եւ Ոգեկոչում Նահատակաց Յիշատակին

Կիրակի, 3 Ապրիլի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ կայացաւ Աղօթքի երեկոյ՝ նուիրուած Մայր Հայրենիքի անսասանութեանն ու հայոց բանակին, նաեւ հոգեհանգստեան ոգեկոչումի արարողութիւն նահատակաց յիշատակին։

Սրբազան արարողութեանը ներկայ էին Արեւմտեան ափի հոգեւոր Առաջնորդները իրենց ողջ հոգեւոր դասով, Արեւմտեան ափի համահայկական խորհուրդի կազմը, ազգայիններ եւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու քաղաքական տիրական դէմքեր, ի գլուխ ունենալով Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Տիար Էրիկ Կարսետին։

Աղօթքի երեկոյին պաշտօնական բացումը կատարեց Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ առաջին հերթին ներկաներին հրաւիրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգելու վերջին օրերուն Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն զոհուած նահատակներու յիշատակը եւ խօսքին մէջ ընդգծեց Հայոց պետականութեան նուիրականութիւնը. «Հայրենի պետականութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է մեզի տրուած, որու նկատմամբ բոլորս պիտի ունենանք անվերապահ, նախանձախնդիր նուիրում։ Եւ արտաշխարհի մէջ հայրենիքը ներկայացնող իւրաքանչիւր հիւպատոսութիւն, դեսպանատուն մեզ համար հայրենիք է, որու առաջ պիտի խոնարհինք՝ մեր զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար մեր հայրենիքին։ Մենք տէրը, ծառան ու սպասաւորը պիտի ըլլանք մեր հայրենիքին»։

Առաջնորդ Սրբազանի խօսքին յաջորդեց Sound of Children-ի մանկական երգչախումբի՝ «Սուրբ սուրբ» եւ «Տէր ողորմեա՜» շարականներու երգեցողութիւնը։ Այնուհետեւ յաջորդաբար տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր պետերուն եւ մասնակցութեամբ ողջ հոգեւոր դասին, «Շնորհալի» երգչախումբի երգեցողութեամբ։ Այս արարողութեանն իրենց աղօթքն ու պատգամը փոխանցեցին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էին Լոս Անճելըսի հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը, Յունաց Օրթոտոքս եկեղեցին, Աւետարանական մեթոտիստ եկեղեցին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին եւ Ասորական եկեղեցին, իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչներով։

Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին ատեան հրաւիրուեցան իրաւաբան Ստեփան Խզըրթեան ու Մարալ Ղարիպեան-Քալեմքէրեան, որոնք հայերէն ու անգլերէն լեզուներով իրենց պատգամները յղեցին ներկաներուն։ Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր քաղաքագլուխ Էրիկ Կարսետին, որուն կողքին էին Նահանգային կառավարութենէն Տիար Ատրին Նազարեանը, Սենատոր Անթընի Փորթանթինոն, քաղաքային խորհուրդի անդամներէն Տիար Փոլ Գրիգորեանը եւ գաւառի ներկայացուցիչ Քաթրին Պարկըրի տեղակալ Աննա Մուրատեանը։

Երեկոյի արարողութեան երկրորդ բաժինն աղօթք էր՝ նուիրուած Հայրենիքի պետականութեան անսասանութեանը, որուն աւարտին ներկաները միաբերան երգեցին հայրենի քայլերգը՝ իրենց ուխտը նորոգելով ի սէր հայրենեաց հողին։

Իր տեսակին մէջ աղօթքի երեկոն եզակի էր իր բովանդակութեամբ, որ նուիրուած ըլլալով հայրենիքի զօրակցութեանը, Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի ներքոյ ի մի էր հաւաքած համայնքը իր հաւատացեալներով, ի գլուխ ունենալով հոգեւոր պետեր՝ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Միքայէլ Եպս. Մուրադեան, Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, ու աշխարհիկ պատասխանատուներու ողջ անձնակազմը, եւ մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու, քաղաքական գործիչներու եւ պետական այրերու։

Ներկաներուն մտասեւեռումը կենտրոնացած էր հայրենիքի հանդէպ նուիրումի բացառիկ դրսեւորումով, յատկապէս ի նկատի ունենալով փորձութեանց եւ վտանգի այս դժուարին ժամանակները։ Բոլորի աղօթքն էր առ Աստուած՝ քրիստոնէական սիրով ու խոնարհումով պաշտպան ու զօրավիգ մնալ առ հայրենին։

Դիւան Առաջնորդարանի
5 Ապրիլի, 2022
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ