Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հակիրճ Ակնարկ Մը Գերսամ Ահարոնեանի Մասին

Փրոֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, Քալիֆորնիային Ալթատինա քաղաքի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ փառաւոր կերպով նշուեցաւ վաստակաւոր կուսակցական, խմբագիր, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ մահուած 40 ամեակը՝ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան։ Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գերսամ Ահարոնեանի ուսանողը ապա գործակիցը դարձած Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յօդուածը այս առթիւ։
                                                                           (ԽՄԲ.)       

      Իմ լրագրական, գրական եւ մշակութային կեանքս կը պարտիմ երկու ուսուցիչներուս՝ Վահէ-Վահեանին եւ Գերսամ Ահարոնեանին։ Անշուշտ միւսներն ալ ունին իրենց ներդրումը, սակայն առաւելաբար Գերսամ Ահարոնեանը ինծի ճանապարհ ցոյց տուաւ որ կեանքս նուիրեմ հայութեան եւ մասնաւորաբար մամուլին։

      ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ շուրջ չորս տարի ուսուցիչս եղած է՝ դասաւանդելով Հայոց պատմութիւն, համաշխարհային պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն։

         Դասաւանդութեան ընթացքին միշտ հանգիտութիւններ եւ հակադրութիւններ կը ներկայացնէր, այլ ազգերու պատմութիւններէն նոյն ժամանակահատուածին պատահած իրադարձութիւնները կը յիշատակէր՝ դասերը շատ աւելի հասկնալի եւ ըմբռնելի դարձնելով։ Վերիվայրումները եւ սխրանքները կը ներմուծէր առանց մխրճուելու մանրամասնութիւններու մէջ։ Նաեւ, զուարթախոհութեամբ կը համեմէր որոշ երեւոյթներ։


         Գերսամ Զէյթունցի ընտանիքի զաւակ էր, սակայն ծնած էր Մարաշ, Նոյեմբեր 9, 1916-ին։ Կատակով կը բացատրէր որ ես զինք կը սիրէի այս պատճառով քանի որ իմ հայրս ալ Մարաշ ծնած էր․․․․

     Ուսումը ստացած է Հալէպի Աւետարանականներու Բեթէլ նախակրթարանին մէջ (Ահարոնեանները Աւետարանակ եղած են, եղբայրն ալ Վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանն էր)։ Ուսանած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ , հետեւելով  մանկավարժութեան ճիւղին՝ 1935-1937: 

           Նիւ Եորքի Միջազգային Ակադեմիան 1969-ն Պատուակալ Դոկտորայի կոչումը շնորհեց Գ. Ահարոնեանին պատմութեան մէջ ներդրած աշխատանքին համար։

          Բախտաւորութիւնը ունեցած է ըլլալու ուսանողը Վահան Թէքէեանի, որ վարժարանին տեսուչն էր այդ օրերուն։ 1937-ին։ Աւարտելէ յետոյ, հինգ տարի դասաւանդած է Մելգոնեանի մէջ մինչեւ 1942, ապա Պէյրութ հաստատուելով՝ ուսուցիչ եղած է Յովակիմեան-Մանուկեան,  Դարուհի Յակոբեան վարժարաններուն եւ ապա Հիւսիսեան Հիմնարկին մէջ։   

          Հրաչեայ Աճառեանի համաձայն, Գերսամ անունը շատ հազուագիւտ գործածուած է հայերու մօտ։ Հիմնուած է Յունարէն եւ Եփրայերէն լեզուներու վրայ, եւ Գերսամ կը նշանակէ «պանդուխտ»։ Եղած է Գերսամ վարդապետ մը 1216-ի ատենները, նաեւ Գերսամ կը յիշուի 1730-ականերուն Տիգրանակերտի պատմութեան մէջ։

     Շատերու նման ինքն ալ ընտանեօք շրջեցաւ Ատանա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւ վերջապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ։

       Պանդուխտ Ահարոնեանը, պիտի ըսէի Գերսամ Ահարոնեանը իսկապէս պանդուխտ կեանք մը ապրեցաւ մինչեւ Լիբանան հաստատուիլը։ Ամուսնացաւ դաշնակահարուհի Սոնա Վարդապետեանի հետ եւ ունեցան տղայ մը Շահէ, աղջիկ մը Անահիտ։


      1942-ին միացաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ ստանձնեց կարեւոր պաշտօններ։ 33 տարի եղաւ խմբագիրը ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթին՝ հրատարակելով ճոխ ու բովանդակալից լրագիր մը։ Հայ համայնքներու լուրերը ներկայացուց, նաեւ լոյս ընծայեց ծանօթ մտաւորականներու ստեղծագործութիւններէն գործեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուրեր տեղական եւ համաշխարհային, թղթակիցներ ունենալով տարբեր երկիրներու մէջ։

     Շնորհիւ իր խմբագրական աշխատանքներուն՝ օրաթերթը լայն ժողովրդականութիւն վայելեց մանաւանդ իր վստահելի բովանդակութեան եւ անթերի հայերէնին շնորհիւ։

           Հիմնադիրներէն մէկն է Վահէ-Վահեանի «Անի» գրական ամսագիրին եւ հեղինակած է բազմաթիւ գրական յօդուածներ։ Նոյնպէս, 1947-ին հիմնադիրներէն մէկը եղաւ Պէյրութ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ այս տարի կը նշէ իր 75-ամեակը։ Մասնաւոր աշխատանք ըրաւ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի շինութեան, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ գնաց դրամահաւաքի համար եւ վերադարձաւ կոկիկ գումարով մը։

         Ահարոնեանի հեղինակած աշխատանքները լոյս տեսած են 6 հատորներով, որոնցմէ 2-ը հրատարակուեցան յետ մահու։

        «Հին Երազի Ճամբուն վրայ», 1964, Հրատարակուած է 4 անգամ։

        «Հայկական Հարցը Արաբ Ժողովուրդի Հանրային Կարծիքին Առջեւ», Արաբերէն, 1965։

          «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի 1915-1965» (օգնական խմբագիր եղած է Նազարէթ Թօփալեան), 1965: Այս հատորը, որ կը բաղկանայ 1120 էջերէ, 400-ի մօտ նկարներով, Եղեռնի բովանդակալից հանրագիտարանային աշխատասիրութիւն մըն է։ Պատմաբաններու  եւ հանրութեան լայն գնահատանքին արժանացաւ այս հատորը եւ երեք տպագրութիւններու արժանացաւ։

       «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին» , «Զարթօնք»ի խմբագրականներու հաւաքածոյ, 1966։ Երկու անգամ հրատարակուած է։

         «A Historical Survey of the Armenian Case», յետ մահու հրատարակուեցաւ Անգլերէնով,  58  յօդուածներ, թարգմանութեամբ Տոքթ․ Գրիգոր Մագսուտեանի, 1989. երկու անգամ հրատարակուեցաւ։ Այս գիրքը կը գտնուի 28 ոչ-հայկական գրադարաններու մէջ։ 

          «Հատընտիր Խմբագրականներ», Դոքթ․ Անդրանիկ Տագէսեանի ընտրութեամբ եւ խմբագրութեամբ 1996-ին։

             Իր գործերէն շատերը հրատարակուած են քանի մը անգամ եւ թարգմանուած են քանի մը լեզուներու։ Իր հեղինակած գիրքերը զետեղուած են աւելի քան 100 օտար գրադարաններու մէջ։


         Գերսամ Ահարոնեան օր մը խմբագրատուն հրաւիրեց զիս, եւ նկատի առնելով որ պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ կը խաղայի ՀԵԸ-էն, առաջարկեց որ «Զարթօնք-Սփոր» շաբաթաթերթ մը սկսինք եւ զիս նշանակէ խմբագիրը։ Քիչ մը զարմացայ եւ շուարեցայ։ Մտածեցի որ տակաւին քանի՞ տարեկան եմ։ Տեսնելով անորոշութիւնս, Գերսամը ըսաւ որ իմ հայերէնի անզուգական ուսուցիչ Վահէ-Վահեանը վստահեցուցեր է որ անթերի հայերէն գիտեմ եւ ինծի կրնայ վստահիլ խմբագրութիւնը։    

        «Զարթօնք»ի մէջ իմ ստորագրութեամբ յօդուածներ տպագրուած էին եւ առաջին գրախօսականս լոյս տեսած էր Սեպտեմբեր 13, 1955-ին, Գեղամ Սեւանի «Սեւ Ծովը Նոյնն Է Միշտ» գիրքին առթիւ։

         Երբ «Նոր Օր» Ֆրեզնոյէն Լոս Անճելըս փոխադրուեցաւ 1968-ին եւ տարիներու նուիրեալ խմբագիր Անդրանիկ Անդրէասեան «Պայքար»ի խմբագիր պիտի ըլլար․ ես եղայ «Նոր Օր»ի խմբագիրը երկու տարի, 1968-1970 Գերսամ Ահարոնեանի եւ Փրօֆ․ Բարունակ Թովմասեանի որոշումով՝ հակառակ անոր որ կուսակցական չեմ եղած։ 

         Երբ որոշ մարդիկ հարց տուեր են Ահարոնեանին, պատասխաներ է. « ՌԱԿ-ի սկզբունքներուն համաձայն է, միայն թէ ձեռքը չէ բարձրացուցած»։

         Ահա այսպէսով, Գերսամ Ահարոնեանի քաջալերանքով կամ գնահատանքով, սկսայ աշխատակցիլ հայ մամուլին, շուրջ 67 տարիէ իվեր։

          Ահարոնեան իսկապէս սերունդ մը պատրաստեց։ Իր աշակերտներէն շատեր կը ծառայեն հայ մամուլին եւ հրատարակած են հատորներ  – կ՜արժէ անուններ յիշելը պատմութեան համար – ահաւասիկ՝ Երուանդ Ազատեան․ Պարոյր Աղպաշեան, Վահէ Աջապահեան,   Յակոբ Աւետիքեան, Դոկտ․ Մինաս Գոճայեան, ժիրայր Դանիէլեան, Յովիկ Էօրտեքեան, Լեւոն Թորոսեան, Խաչիկ Ճանոյեան, Մարզպետ Մարկոսեան,  Սարգիս Մինասեան, Համօ Մոսկոֆեան, Յակոբ Պօղոսեան Վաչէ Սեմերճեան, Արամ Սեփեթճեան, , Յակոբ Վարդիվառեան, Գասպար Տէրտէրեան, Օշին Քէշիշեան, եւ ուրիշներ։

         Կեցցէ՛ Գերսամ Ահարոնեանը, որ իսկապէս ամբողջ սերունդ պատրաստեր է մեր ազգին համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ