Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոքրիկներու Մօտ Օմիքրոն Եւ Տելթա Տարբերակներով Յառաջացած Covid-19-ը

Քէյսի համալսարանի բժշկական դպրոցի մասնագէտները փոխանցած են 5 տարեկանէն վար փոքրիկներու մօտ «օմիքրոն» եւ «տելթա» տարբերակներով յառաջացած COVID-19-ի ընթացքի մասին։ JAMA Pediatrics ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնագէտները վերլուծած են աւելի քան 651 000 ամերիկացի փոքրիկներու տուեալները 2021-2022 թուականներուն:

Բացայայտուած է, որ «օմիքրոն»ը 6-8 անգամ աւելի վարակիչ է քան՝ «տելթա» տարբերակը։ Այնուամենայնիւ, օմիքրոնով վարակուելու պարագային հիւանդանոցային բուժման հաւանականութիւնը 16 առ հարիւրով աւելի նուազ եղած է, իսկ ԹԱՕ (թոքերու արուեստական օդափոխութիւն) սարքին միացման անհրաժեշտութեան վտանգը նոյնպէս նուազած է 85 առ հարիւրով։

Գիտնականներու կարծիքով՝ փոքրիկներու մօտ օմիքրոնով վարակուելու հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է քան՝ տելթայով, սակայն այս տարբերակով հիւանդութեան ծանր ընթացքի հաւանականութիւնը զգալիօրէն կը նուազի։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ