Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաքուի առաջարկած հիմնարար սկզբունքները եւ Երեւանի արձագանգը պէտք է հիմք ըլլան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման. Զախարովա

Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հիմքին պէտք է ըլլան Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները:

Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք կ’ելլենք անկէ, որ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հիմքին պէտք է ըլլան Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի առաջնորդներուն` 2020-ի վերջաւորութեան եւ 2021-ի ընթացքին ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները», ըսած է ան:

Զախարովան յիշեցուցած է, որ Փութինը Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հետ կապուած հարցերու ամբողջ շրջանակը, այդ քննարկուած է նաեւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին:

Քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան պայմանագրի հետ առնչուող հարցեր:

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու համար Պաքուի առաջարկած հիմնարար սկզբունքները եւ անոնց վերաբերեալ Երեւանի արձագանգը պէտք է հիմք հանդիսանան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու մեկնարկի համար»,- ըսած է ան։

«Ռուսաստանը հաստատակամ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման»,- ընդգծուած է մեկնաբանութեան մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ