Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Փարիզ եւ Ուաշինկթըն կը հաստատեն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի յանձնառութեան պահպանումը

Մինչ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Ապրիլին յայտարարեց, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի յանձնառութիւնը իրողապէս անվաւեր է, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա հաստատեցին, որ իրենք հաւատարիմ են նոյն խումբի ծիրին մէջ աշխատանքներու շարունակութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գծով։

Փարիզ եւ Ուաշինկթըն կը պատասխանէին քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները՝ Ռուսիոյ հետ ամէն կապ խզելնուն պատճառով ջնջած են նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը՝ յայտարարելով, որ չեն ուզեր այդ ձեւաչափով Ռուսիոյ հետ հաղորդակցիլ:

Ալիեւ նշեց, որ Մինսքի խումբը գործած է 28 տարիներ, որոնց ընթացքին համանախագահները հաւանաբար հարիւրաւոր այցելութիւններ կատարած են Հայաստան եւ Ատրպէյճան, սակայն արդիւնքը զերօ եղած է։ «Ատրպէյճան ինքնուրոյն կարգաւորած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ ռազմաքաղաքական միջոցներով: Փաստօրէն, հակամարտութիւնը լուծելու համար Մինսքի խումբին տրուած յանձնառութիւնը հաւանաբար իրաւապէս վաւեր է, բայց իրողապէս՝ անվաւեր», շեշտեց Ատրպէյճանի նախագահը։  

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է իր դիրքորոշումը Մինսքի խումբի ապագային վերաբերեալ՝ վերահաստատեց իր ամբողջական յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, թէ՛ երկկողմ առումով եւ թէ իբրեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ եւ Մինսքի խումբի համանախագահ:

«Այդ կարգավիճակով Ֆրանսա կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի յառաջընթաց արձանագրուի մարդասիրական հարցերուն մէջ, եւ կը շարունակէ աջակցիլ սահմաններու սահմանազատման աշխատանքներուն, տարածաշրջանի մեկուսացումը վերացնելու գործընթացին, ժառանգութեան պահպանման, երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարց կարգաւորման: Այդ նպատակով, 4 Փետրուարին Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ տեսագրութեան ձեւաչափով հանդիպում կազմակերպուեցաւ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ: Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահը այս օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Երեւան», յայտնեցին նախարարութենէն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը` արձագանգելով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մասին Լաւրովի վերջին յայտարարութեան՝ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ներգրաւուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ երկկողմ ձեւաչափով եւ նոյն կերպ մտածող գործընկերներու հետ, որոնց կարգին՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ` տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան հարցին մէջ այդ երկիրներուն օգնելու նպատակով:

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման: Ինչպէս 5 Ապրիլին երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ հեռաձայնով զռոյցին ընթացքին նշեց արտաքին գործոց նախարարը՝ մենք կը շարունակենք խրախուսել խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ», նշեցին դեսպանատունէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ