Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Ախտահանիչ Ծածկոյթ՝ Քորոնա Ժահրէն Պաշտպանուելու Համար

Ճափոնցի գիտնականները մշակած են նոր ախտահանիչ ծածկոյթ մը, որ կրնայ օգտագործուիլ ժահրերէն, այդ շարքին՝ SARS-CoV-2 քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար։ Այս նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է Scientific Reports ամսագրին մէջ։

Նման ծածկոյթի անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է քորոնա ժահրի տարածման առանձնայատկութիւններէն մեկնելով, որ, ինչպէս յայտնի է, կրնայ փոխանցուիլ օդակաթիլային ճամբով եւ նստիլ մակերեսներու վրայ։ Ախտահանման համար ընդհանրապէս օգտագործուող քիմիական նիւթերը, ինչպէս՝ ալքոլը կամ «ջրածինի փերօքսիտ»ը (hydrogen peroxide), բաւական արագ կը շոգիանան։

Քանակաուայի (Թոքիոյ հարաւը) արդիւնաբերական գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնարկի եւ Թոքիոյ արհեստագիտական հիմնարկի գիտնականներու մշակումը կը ներկայացնէ «ֆոտոքաթալիզաթոր», որ պատրաստուած է «թայթենի երկօքսիտի (Titanium dioxide) եւ «պղինձի օքսիտ»ի (CuO) «նանոքլասթ»ներու միացումով: Անիկա ի վիճակի է ոչնչացնելու SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի այլ տարբերակներ։ Բացի ատկէ, ի տարբերութիւն նախկին տարբերակներու՝ մշակումը արդիւնաւէտ է ինչպէս մթութեան մէջ, այնպէս ալ ներքին լուսաւորութեան պայմաններու մէջ:

Հոտի զգացողութեան կորուստը կամ հոտերու ընկալման խախտումը կը նկատուէր քորոնա ժահրային վարակի հիմնական ախտանիշներէն մէկը համավարակի սկզբնական շրջանին։ Փորձելով հասկնալ COVID-19-ի ժամանակ հոտի զգացողութեան հետ կապուած խնդիրները՝ հետազօտողները նաեւ ուսումնասիրած են ուղեղի ներքին հիւսուածքները:

Բացայայտուած է, որ ժահրով վարակուիլը կապուած է ուղեղի այն մասի վնասման հետ, որ կը վերահսկէ հոտառութիւնը։ Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են՝ հիմնուելով COVID-19-էն 23 մահացած հիւանդներու ուսումնասիրութեան վրայ, զանոնք բաղդատելով վերահսկիչ խումբի հետ՝ 14 անձէ բաղկացած, որոնք COVID-19-էն չեն մահացած:

«Որոշ պարագաներու «անօքսիք փաթոլոճի»ն ցոյց կու տայ, որ COVID-19-ի պարագային, հոտառական գործունէութեան խանգարումը կրնայ ծանր եւ ընդմիշտ ըլլալ։ Արդիւնքները կը վկայեն, որ COVID-ի հետեւանքով վնասուածքը կրնայ դուրս գալ քիթի խոռոչէն եւ ազդել ուղեղին վրայ։ Մենք կ՛ուզէինք մէկ քայլ առջեւ երթալ, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս COVID-ի վարակը կ՛ազդէ հոտառութեան վրայ»,- գրած է հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակ, բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, Ճոն Հոփքինզի համալսարանի բժշկական դպրոցի փրոֆ. Չենկ-Ին Հոն:

Ուղեղի, թոքերու եւ այլ օրկաններու յետմահու հիւսուածքէն նմուշներ առնուած են՝ ուսումնասիրութեան համար: Արդիւնքները արեան բջիջներու եւ «աքսոն»ներու (մալուխ, որ «իմփալս»ներ կը փոխանցէ «նիւրոն»ներու միջեւ) մեծ վնասուածք ցոյց տուած են քորոնա ժահրով հիւանդներու ուղեղին մէջ:

Խումբը նաեւ պարզած է, որ «աքսոն»ներու վնասուածքը մօտաւորապէս 60 առ հարիւրով աւելի բացայայտուած է COVID-19-ով հիւանդներու մօտ, մինչդեռ մանրադիտակային արիւնատար անօթներու վնասուածքը այս հիւանդներուն՝ մօտաւորապէս 36 առ հարիւրով աւելի ծանր եղած է:

Գիտնականներու խօսքով՝ որոշ հիւանդներու մօտ «աքսոն»ներու վնասուածքը ցոյց կու տայ, որ COVID-19-ի հետեւանքով յառաջացած հոտի կորուստը կրնայ ծանր եւ անդառնալի ըլլալ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ