Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձայնի Փոփոխութիւնները Կրնան Վկայել Քաղցկեղի Մասին

Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային ծառայութիւնը (NHS) անդրադարձած է ձայնի փոփոխութիւններու հարցերուն ըսելով, որ ձայնի փոփոխութիւնները կրնան վկայել քաղցկեղի մասին եւ յանձնարարած է, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուի այդ փոփոխութիւններուն, նշած է Daily Express-ը:

Քաղցկեղը կրնայ ախտորոշուիլ նաեւ շարք մը այլ ախտանշաններով՝ կլլելու դժուարութիւն, կշիռքի կորուստ, արիւնահոսութիւն եւ թմրութիւն բերանին մէջ, շարժող ակռաներ, ծնօտի շարժման դժուարութիւն եւ լորձաթաղանթի վրայ կարմիր եւ ճերմակ բիծեր:

Մասնագէտներու կարծիքով՝ բերանի խոռոչին մէջ ուռուցք կրնայ զարգանալ այտերու, քիմքի, շրթունքներու կամ լինտերու ներսի բաժինին մէջ։ NHS-ը կը յանձնարարէ դիմել բժիշկի, երբ զգացուին վերը նկարագրուած ախտանշանները, որովհետեւ այդ ախտանշանները կրնան վկայել այլ հիւանդութիւններու մասին:

Afhil.com

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ