Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Կոչ՝ Զգաստութեան

27 Ապրիլ, 2022

Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական լուրջ գործընթացները, եւ յատկապէս Կովկասի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններն ու ռազմաքաղաքական բարդ իրավիճակը ծանր դրութիւն կը ստեղծեն մեր հայրենիքին համար եւ սպառնալիք՝ մեր պետութեան ազգային անվտանգութեանը:

Հարաւային Կովկասի եւ ընդհանրապէս Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ ազդեցութեան գօտի սահմանելու, վերահսկողութիւնը պահպանելու եւ իրենց քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւնը ապահովելու համար պայքարող գերտէրութիւններու մրցավազքին մէջ Հայաստանը յայտնուած է բաւական բարդ եւ զգայուն իրավիճակի մէջ:

Այստեղ իր կենսական շահերը կը հետապնդէ նաեւ մեր դարաւոր թշնամին՝  Թուրքիան:

Արդ, լարուած եւ վտանգաւոր զարգացումներով յղի այս ժամանակաշրջանին, մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ զգաստ, հեռու մնալ ամէն տեսակի արկածախնդիր յայտարարութիւններէ եւ գործելաոճէ, որպէսզի թոյլ չտանք, որ մեր հայրենիքը զոհ երթայ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ ընթացող բախումին:

Տարածաշրջանային գործընթացներու հետեւանքով ի յայտ եկած փորձանաւոր միտումները թոյլ չեն տար մեզի լարուած պահել քաղաքական ներքին դաշտը եւ դիմել արկածալից քայլերու, այլ կը թելադրեն ըլլալ զուսպ եւ ուշադիր՝ մեր արարքներուն եւ գործունէութեան մէջ:

Անգամ մը եւս հաստատելով, որ ազգային մեր շահերը, հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ մեր պետութեան անկախութեան պահպանումը վեր կը դասուին ամէն տեսակի քաղաքականութենէ, քմահաճոյքներէ, նախընտրութիւններէ եւ խմբակային շահերէ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ մեր երկրի ու պետութեան փրկութեան համար պատասխանատուութիւն վերցուցած բոլոր քաղաքական ուժերուն, կազմակերպութիւններուն, բայց նաեւ՝ ազգային բոլոր կառոյցներուն եւ ժողովուրդը գրգռող անհատներուն, որ իրենց դիրքորոշումներուն մէջ առաջնորդուին միմիայն ազգային, նուիրական մեր շահերով ու առաջնահերթութիւններով:

Երբեք մտահան պէտք չէ ընենք, որ մեր գերխնդիրը Հայաստանի գոյութեան պահպանումն է, որուն համար պարտինք վարել կատարելապէս խելամիտ եւ ճկուն քաղաքակնութիւն։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ