Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրաչ Մանուկեանի Յիշատակին

Արդէն երկու տարի համարեա անցած են մահուանդ թուականէն ի վեր, սակայն յիշատակդ կը մնայ անթառամ եւ անմոռաց:

Զոհը դարձար անողոք վարակիչ հիւանդութեան մը, որուն հետեւանքները շատ հաւանաբար կարելի էին բուժման ենթարկուիլ առանց այլեւայլի կամ՝ անհասկացողութեան:

Համայն կեանքիդ ընթացքին ծառայեցիր որպէս նուիրեալ անդամ քու սիրեցեալ միութեանդ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Կիպրոս եւ Միացեալ Նահանգներ:  Սերունդներ հասցուցիր քու մարզական կարողութեանդ ծիրէն ներս, որոնց մտքերը տակաւին թարմ են քու ցուցմունքներով:

Որպէս «հանգստեան տարիներ», մաս կազմեցիր ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու Վարչութեան, շարունակելու համար անխոնջ աշխատանքդ քու հանգստեան տարիներուդ նոյնիսկ: Այնտեղ եւս շարունակեցիր անսատար եւ նուիրեալ ծառայութիւններդ ազգիդ եւ միութեանդ, չխնայելով ժամանակ եւ աշխատանք:

Մահուանդ գոյժը անհաւատալի էր, չէր կրնար պատահիլ այդ, տակաւին անաւարտ աշխատանք կար տանելու: Սակայն ստոյգ էր այդ:

Սիրելի Հրաչ, մեզմէ բաժնուեցար առանց մնաք բարովի, անձայն ու անաղմուկ: Սակայն յիշատակդ կը մնայ վառ մեր հոգիներուն մէջ եւ անմոռաց:

Թող որ հոգիդ սաւառնի երկնի անդորրին մէջ խաղաղ ու ջերմ:

ՀԲԸՄիութեան Վեթերաններու Վարչութիւն
Լոս Անճելըս
Գալիֆորնիա
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ