Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Անգամուան Յաղթանակը Ընդմիշտ Յաղթանակ չէ Ինչպէս Մէկ Անգամուան Պարտութիւնը Ընդմիշտ Պարտութիւն չէ

Մայիս ամիսը հայերուն համար միշտ յաղթական ամիս եղած է: Թէ՛ Սարդարապատի, թէ՛ Հայրենական Մեծ պատերազմի, եւ թէ՛ Շուշիի ազատագրման յաղթանակները յաղթական դրօշակի պէս  ծածանուած են մեր ազգային-հայրենասիրական եւ բարոյա-հոգեբանական էութեան վրայ: 

Դպրոցական տարիներէ այդ յաղթանակներու ոգիով դաստիարակուած ենք եւ մեր մէջ յատուկ արժեւորում ստացած ու ձեւաւորուած է հայրենասիրութիւնը:

Վերջին 2 տարներուն, երբ յաղթանակներու մասին կը խօսինք, տեսակ մը խիղճի խայթի եւ ափսոսանքի խառնուրդով անհասկանալի հոգեբանական վիճակներու մէջ կը յայտնուինք. եթէ ոչ բոլորս, ապա վստահաբար՝ հայրենասէր ու ազգանուէր հայերուն մեծ մասը: 

Յաղթանակներուն մասին  անցեալով խօսիլն ու ափսոսալը կը նշանակէ հաշտուիլ պարտուած ու ջախջախուած ազգ ըլլալու ճակատագիրի հետ: 

Եղածը կորսնցնելու պատճառով ափսոսալն ու անցեալի սխալներէն դաս քաղելով վերամիաւորուած քալելը դէպի ապագայի յաղթանակներ, կերտումներ եւ հզօրացում, ահա՛ աս է մեր գիտցած հայրենասիրութիւնը, որ մեր մանկութենէն ստացած ենք մօր կաթի հետ: 

Մեր պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ մէկ անգամուան յաղթանակը ընդմիշտ յաղթանակ չէ ինչպէս, որ մէկ անգամուան պարտութիւնը ընդմիշտ պարտութիւն չէ: 

Հայրենիքի ապագան, հզօրութիւնը եւ բարեկեցութիւնը բոլորիս գործն է եւ բոլորիս պարտաւորութիւնը:

Մե՛նք ենք մեր ապագայի պատասխանատուն: 

Մե՛նք ենք մեր հայրենիքի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան պատասխանատուն:

Մե՛նք ենք մեր պարտութիւններու եւ յաղթանակներու պատասխանատուն: 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ