Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոքրիկները Ախտահարող «Հեփաթիթ»ը Կը Հասնի Աշխարհի Երկիրները

Փոքրիկները ախտահարող անյայտ ծագումով ծանր «հեփաթիթ»ը արդէն յայտնաբերուած է Եւրոմիութեան 12 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ճափոնի եւ Գանատայի մէջ։ Արդէն իսկ յայտնաբերուած է այս հիւանդութեան 200 պարագայ աշխարհի մէջ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ փոքրիկ մը մահացած է, իսկ 17 փոքրիկ լեարդի փոխպատուաստումի անհրաժեշտութիւն ունեցած է։

«Հեփաթիթ»ով կը հիւանդանան 1 ամսականէն մինչեւ 16 տարեկան, բայց յաճախ՝ մինչեւ 5 տարեկան փոքրիկները։

Անյայտ ծագումը

Հիւանդութիւնը հետաքրքական է անով, որ ատոր յառաջացման պատճառը, տակաւին յայտնի չէ գիտնականներուն համար. տարրալուծարանային քննութիւնները բացառած են «հեփաթիթ»ի ժահրերը (A, B, C, D եւ E) հիւնադներու մօտ։  Բացառած են նաեւ սովորական պատճառները, որոնք կրնան յառաջացնել ծանր «հեփաթիթ»ը։ Կարգ մը փոքրիկներու մօտ յայտնաբերած են Sars-Cov-2 քորոնա ժահր եւ «ատենովայրըս», բայց այդ ժահրերը հազիւ թէ կրնան կապուած ըլլալ «հեփաթիթ»ի հետ։

Այլ երկիրներու հետ կապերը չեն նկատուած վարակումի համար կարելի գործօններ, տեղեկացուցած են Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան մասնագէտները։

Ախտանշանները

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան տուեալներով՝ յայտնաբերուած պարագաներու «քլինիքային» ախտանշանը ծանր «հեփաթիթ»ն էր (լեարդի բորբոքում)՝ լեարդի «էնզայմ»ներու մակարդակի նկատելի բարձրացումով։ Շատ պարագաներու, տարիքով փոքր հիւանդները կ՛ունենային աղեստամոքսային ախտանշաններ՝ փորի ցաւ, լուծ եւ փսխուք։ Արձանագրուած է նաեւ լեարդի «էնզայմ»ներու (աւելի քան 500 միաւոր/լ) մակարդակի բարձրացում եւ դեղնախտ։ Մեծամասնութեան պարագային տաքութիւն չէ նկատուած։

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ ապագային

Շատ մասնագէտներու կարծիքով, եթէ յայտնուի, որ խորհրդաւոր «հեփաթիթ»ը ժահրային ծագում ունի, այդ մէկը իրադարձութիւններու զարգացման ամէնէն վատ տարբերակը կ՛ըլլայ, որովհետեւ ժահրը կրնայ բաւական արագ տարածուիլ աշխարհի մէջ եւ յառաջ բերել լուրջ խնդիրներ շատ երկիրներու մէջ, յատկապէս այն երկիրներու մէջ, ուր առողջապահութիւնը այնքան ալ հասանելի չէ բնակչութեան։

Իրավիճակը մեկնաբանելով CNBC-ին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քէյսի համալսարանի բժշկական հիմնարկի մանկաբուժութեան ամպիոնի փրոֆ. Էմի Էտուարտց նշած է, որ առայժմ կարելի չէ ըսել, թէ որքանով լուրջ կամ վտանգաւոր է «հեփաթիթ»ի այս բռնկումը։ Անոր խօսքով՝ ամէն բան կախեալ կ՛ըլլայ այն բանէն, թէ հիւանդութիւնը ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի յառաջիկայ ամիսներուն։ Եթէ բացայայտուի, որ հիւանդութեան պատճառը «ատենովայրըս»ի լուրջ ձեւն է, որ կ՛ախտահարէ փոքրիկներու լեարդը, այդ մէկը անհանգստութեան լուրջ առիթ կ՛ըլլայ, որովհետեւ «ատենովայրըս»ները ամէն տեղ  են, եւ ատոնք եղանակային չեն։ Բայց, առայժմ, հիւանդութեան դէպքերը բաւական քիչ են, եւ չ՛արժեր ժամանակէն առաջ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ