Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Փրոֆ. Յովհաննէսեանի Դասախօսութիւնը

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը՝ Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահին  մէջ։

Դասախօսութեան նիւթն էր Ռազմական Օդանաւեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, իսկ դասախօսն էր յայտնի պատմաբան եւ UCLA-ի Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Հայ Ժողովուրդի Արդի Պատմութեան Ամպիոնի նախկին վարիչ ու Չափման համալսարանի նախագահութեան Վաստակաւոր Գիտնական Փրոֆեսոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը։

Հանդիսավար Սեւան Տէր Պետրոսեան Մասնաճիւղին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յաջորդաբար հրաւիրեց Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանն ու Արտաշէս Քացախեանը, որ ներկայացնեն իրենց սրտի խօսքերը։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Պալեան նախ շնորհաւորեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ ապա նշեց թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը պիտի տօնուի այս տարի Հայաստանի մէջ։

Կլէնտէյլի նորընտիր քաղաքապետ Արտաշէս Քացախեան նախ յիշեց որ Փրոֆեսոր Յովհաննէսեան իր ուսուցիչը եղած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի Համալսարանին մէջ եւ ապա ջատագովեց Փրոֆեսորի հեղինակած գիրքերը, Հայաստանին Առաջին Հանրապետութեան մասին։ Այդ ժամանակ ալ, շարունակեց Քացախեան, այսօրուան նման՝ Հայաստան կը դիմագրաւէր համաճարակ մը։

Հուսկ ապա հանդիսավար Տէր Պետրոսեան ներկայացուց Փրոֆեսորի կենսագրականը։ Փրոֆ. Յովհաննէսեան իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս Արուեստից տիտղոսները ստացած է Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանէն, իսկ Դոկտորական տիտղոսը՝ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանէն։

Ան հեղինակն է 30-է աւելի գիրքերու՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական գաղութներուն մասին։ Իսկ իր վերջին գիրքը եղած է Պարսկաստանի Հայկական Գաղութները, որը ձօնած է իր նորոգ հանգուցեալ Տիկնոջ՝ Տոքթ. Վարդիդեր Յովհաննէսեանի յիշատակին։

Փրոֆեսորը իր օգտաշատ ուսումնասիրութիւններուն եւ դաստիարակչական բեղուն վաստակին համար ստացած է Սրբատառ կոնդակներ եւ մետալներ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներէն։ Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Կառավարութեան Մովսէս Խորենացի մետալը։

Փրոֆեսոր Յովհաննէսեան՝ սահիկներու օժանդակութեամբ, նախ ներկայացուց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան քաղաքական տխուր իրավիճակը։ Հոն՝ դիտել տուաւ Փրոֆեսորը, կը տիրէր երկպառակութիւն եւ թշնամութիւն իրար հանդէպ։

Վստահութեան պակասը իրար հանդէպ այնքան ակներեւ էր որ՝ շարունակեց Փրոֆեսորը, Հայաստան Փարիզի համաժողովին կը ներկայանար երկու պատուիրակներով։ Պօղոս Նուպար Փաշան նշանակուած էր Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին կողմէ, իսկ Աւետիս Ահարոնեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ  Յովհաննէս Քաջազնունիի կողմէ։

Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան համար Մեծն Բրիտանիոյ Արքայական օդուժէն ռազմօդանաւեր գնելու փորձին, Վահան Մալէզեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը համաձայնութիւն կնքած է Հրամանատար Ալընպիի հետ՝ որ աւելորդ օդանաւերէն հատը 100 անգլիական ոսկիի գնէ եւ Հայաստան ղրկէ։

Վերոյիշեալ համաձայնութիւնը սակայն անմիջապէս  չէ վաւերացուած Բրիտանական պետութեան կողմէ որովհետեւ պատերազմական եւ գանձային նախարարութիւնները դէմ արտայայտուած են։ Այդ նախարարութիւնները համոզելու ճիգերը ձգձգուեցան մինչեւ 1920 տարուան Նոյեմբերին, երբ արդեն Հայաստան ակամայ միացած էր Սովետ Միութեան։

Հանդիսութեան աւարտին, Միհրան Թումաճան՝ Տիթրոյթի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Թանգարանի հրատարակութիւններէն A Legacy of Armenian Treasures գիրքը նուիրեց Փրոֆեսորին։ Հուսկ ապա Յարգելի Բանախօսը պատասխանեց հարցումներու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Ես չէի կրնար երեւակայել որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան համար, փորձեր կատարուած են ռազմօդանաւեր գնելու՝ Մեծն Բրիտանիոյ Արքայական Օդուժէն, եւ այդ ալ Եգիպտոսի Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան կողմէ։

Ո՞ւր է հիմա ժամանակի այդ միասնականութեան ոգին, ամէն գնով Հայաստանին օգտակար հանդիսանալու …

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ