Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Սննդականոնը Եւ Ֆիզիքական Աշխուժութիւնը Կարեւոր՝ Ինքնուրոյն Դառնալու Համար Ծերութեան

Երիտասարդ տարիքին առողջ սովորութիւններու ձեւաւորումը կրնայ որոշ երկարաժամկէտ առաւելութիւններ ունենալ, սակայն ֆիզիքական «աքթիվութիւն»ը կրնայ օգնել նաեւ տարեց մարդոց, կը վկայեն նոր հետազօտութիւններու արդիւնքները:

Նոր հետազօտութեան համաձայն՝ ցած մկանային զանգուածով (սարքոփենիա) ֆիզիքապէս տկար տարեցները կրցած են երեք տարուան ընթացքին նուազեցնել իրենց հաշմանդամութիւնը 22 առ հարիւրով ծրագրի մը միջոցով, որ փոփոխութիւններ կը ներառէ անոնց սովորութիւններուն եւ սննդականոնին մէջ:

Յաջողութեան բանաձեւը այն էր, որ պէտք էր ամէն օր քալել, ինչպէս նաեւ ուժային, ճկունութեան եւ հաւասարակշռութեան վարժութիւններ կատարել: Բացի ատկէ, ծրագիրը սպիտակուցի ընդունման յաւելում կը ներառէր, ըսուած է վերջերս BMJ ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Ստացուած արդիւնքները կը հաստատեն կառուցուածքային ֆիզիքական «աքթիվութեան» կարեւորութիւնը տարեց մարդոց համար, որոնք ինքնուրոյն կ՛ապրին, կ՛ըսէ հետազօտութեան հեղինակ, Եէյլի բժշկական դպրոցի ծերաբուժութեան փրոֆեսոր տոքթոր Թոմաս Կիլ:

Հետազօտութեան մասնակցած են աւելի քան 1500 տղամարդ եւ կին, որոնց միջին տարիքը 79 տարեկան է, եւրոպական 11 երկրի 16 «քլինիք»ական կեդրոններէն: Անոնցմէ մօտաւորապէս կէսին ֆիզիքական վարժութիւններ առաջարկուած են։ Մնացեալը՝ վերահսկիչ խումբը, ամէն ամիս վերապատրաստութիւն կատարած է առողջ ծերացման վերաբերեալ։

Մասնակիցները իրենց կոնքերուն վրայ «աքթիմեթրեր» կրած են՝ «աքթիվութիւնը» չափելու համար: Անոնք մասնակիցներուն հետեւած են 36 ամիս:

Հետազօտութեան սկիզբը, միջամտութեան խումբի մասնակիցներուն գրեթէ կէսը (47 առ հարիւր) սահմանափակ շարժունակութիւն ունեցած է, ինչպէս եւ 53 առ հարիւրը վերահսկիչ խումբին մէջ: Այնուամենայնիւ, անոնք բոլորը կրնային ինքնուրոյն քալել մօտաւորապէս 20 մղոն:

Մասնագէտներուն կարծիքով՝ ֆիզիքական վարժութիւններու խումբին մէջ ֆիզիքական աշխատունակութեան միաւորները աւելի բարելաւուած են, քան վերահսկիչ խումբին մէջ՝ ինչպէս 24, այնպէս ալ 36 ամիս անց:

Բացի ատկէ, վարժութիւններու խումբին մէջ կիները աւելի քիչ մկանային ուժ եւ զանգուած կորսնցուցած են 24 եւ 36 ամսուան ընթացքին: Տղամարդոց մօտ մկանային զանգուածի եւ ուժի վերաբերեալ տարբերութիւններ չեն նկատուած:

Afhil.com

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ