Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայիսեան Տօնախմբութիւններ Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանին Մէջ

Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս է թէ՛ ազգային եւ թէ՛ կրօնական իմաստներով: Մայիս ամսուան ընթացքին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր պատմութեան մէջ բազմաթիւ յաղթանակներ, ընդ որում Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնը: Իսկ կրօնական առումով, Մայիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիսն է, որու ընթացքին ամէն օր ջերմեռանդութեամբ կը փառաբանենք Տիրամայրը:

Հոնկէ մեկնելով, 23-26 Մայիսի շաբաթը Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զանազան միջոցառումներ:

Երկուշաբթի, 23 Մայիսին, բախտաւորութիւնը ունեցանք մեր վարժարանէն ներս հիւրընկալելու հիւրաբար Միացեալ Նահանգներ գտնուող հայրենի երգիչ Արթուր Խաչենցը, որ հանրութեան ծանօթ է մանաւանդ երբ ան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին օրերուն միացաւ կռուող զինուորներուն, երգեց, ուժ տուաւ անոնց, աւելիով բարձրացուց անոնց մարտական ոգին եւ ամենակարեւորը՝ անոնց կողքին կանգնեցաւ:

Խաչենցը նախ աշակերտներուն խօսեցաւ հայ զինուորի մարտական ոգիին մասին, լուսարձակի տակ առնելով հայրենիքը պաշտպանելու անոնց անմնացորդ պատրաստակամութիւնը, նշելով որ զոհուած զինուորները յաւերժ կ’ապրին մեր յուշերուն մէջ, որովհետեւ բոլորն ալ գիտակցութեամբ գացին ու իրենց կեանքը մեզի համար զոհեցին: Ան խօսեցաւ նաեւ այն երգին մասին, որ ինք գրած է, Համօ Սահեանին բառերով՝ «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում», աւելցնելով որ պէտք է այնպէս ապրինք, որ մահէն ետք ինչ-որ բան փոխենք այս կեանքին մէջ:

Ապա ան երգեց «Գետաշէն», «Կիլիկիա», «Հայեր Միացէք», «Զարթիր Լաօ» եւ «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում» երգերը, որոնց ընթացքին աշակերտները խանդավառեց հայրենասիրական շունչով ու անոնք երգելով միացան Արթուր Խաչենցին:

Մայիս ամսուան ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ մեր աշակերտները կատարեցին մարեմական ջերմեռանդութեան աղօթքներ: Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին, տեղի ունեցաւ ջերմեռանդութեան ամսուան աւարտի թափօրի արարողութիւն: Աշակերտները երգեցին Աստուածամօր նուիրուած շարականներ, Լիթանիա, աղօթեցին Ս. Վարդարանը: Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան պատգամ փոխանցելով աշակերտներէն խնդրեց, որ, նոյնիսկ դպրոցը աւարտելէ ետք, միշտ իրենց սրտերուն մէջ պահեն ինչ որ դպրոցին մէջ սորվեցան: Քոյր Լուիզան նաեւ յորդորեց աշակերտներուն, որ միշտ աղօթեն Աստուածամօր եւ խնդրեն անոր բարեխօսութիւնը:

Նոյն օր տեղի ունեցաւ նաեւ տօնակատարութիւն նուիրուած Համբարձման տօնին, երբ Քրիստոս իր հրաշափառ յարութենէն ետք համբարձաւ երկինք: Այդ օր Ս. Պատարագէն ետք, որ մատուցեց Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան, աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր կատարուեցաւ հայկական աւանդական գեղարուեստական յայտագիր: Աշակերտները այդ առիթով հանդէս եկան շարք մը պարերով, կարդացին քառեակներ, այնուհետեւ վիճակ քաշուեցաւ թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ուսուցչական ու տեսչական կազմերուն համար: Յայտագիրը պատրաստած էր հայերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Մարօ Գույումճեան:

Իսկ Հինգշաբթի, 26 Մայիսին, տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարեդարձին նուիրուած կոկիկ հանդիսութիւն: Օրդ. Այանա Համամճեան հակիրճ ձեւով եւ երկլեզու ներկայացնելէ ետք Սարդարապատի յաղթանակին պատմականը, աշակերտները կատարեցին ասմունքներու շարք մը: Այնուհետեւ, վարժարանիս փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան պատգամ փոխանցելով նշեց, որ թէեւ երկար տարիներ օտար տիրապետութեան տակ ապրելէ ետք, առաջին հանրապետութեան հռչակումը դժբախտաբար շատ երկար չտեւեց, բայց մենք այսօր ազգովին կը տօնենք համախմբուած ու միասնականօրէն մարտնչած, Սարդարապատի յաղթանակ կերտած հայ ժողովուրդին խիզախութիւնը, հայրենասէր ու հայրենատէր ոգին եւ աննկուն կամքը, եւ այդ ոգին ու կամքն է, որ սերունդները ներշնչած է հայրենիքին տէր կանգնելու՝ դէմ դնելով անոր սպառնացող թշնամիներուն ու վտանգներուն: Աւարտին, Տիկ. Պոյաճեան, յորդորեց աշակերտները, որ միշտ հաւատան յաղթանակներ կերտելու հայու կարողութեան եւ ուժին:

Յաղթանակներու խորհուրդով եւ անկոտրում կամքի դրսեւորումով, Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները հայկական դրօշներով ծածանելով, հայրենասիրական երգերու ներքով, տողանցեցին դպրոցին շրջափակին մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ