Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Համբարձման Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

     Հինգշաբթի, 26 Մայիս, Համբարձման տօնին՝ Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի՝ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ․ Տ․ Մանուկ Աւ․ Քհնյ․ Մարգարեան:

   Պատարագին ներկայ էին Թեմի տարբեր ծուխերէն ժամանած եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ թեմական, ծխական եւ յարակից տարբեր մարմիններու անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

    Յընթացս Ս․ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ,  տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք եւ Անդաստան՝ ի յիշատակ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսական Աթոռի վերահաստատմանը Սիսէն՝ ի Սուրբ Էջմիածին, որմէ յետոյ՝  պատարագիչ  Տէր Հայրը օրուան Տօնի եւ խորհուրդի համաձայն իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։

     Ս․ Պատարագի աւարտին, Համբարձման տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Առաջնորդարանի Գալայճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, եւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած ազգային երգերէ եւ ստեղծագործութիւններէ, որուն ներկայ էին տարբեր ծուխերէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասխանատուներ, քաղաքային պաշտօնեաներ եւ այլք:

     Օրուան սիրոյ սեղանի եւ մշակութային ձեռնարկին մեկնարկը տրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով, որմէ յետոյ բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համբարձման» յանձնախումբի փոխատենապետուհի Տիկին Հերմինէ Ճանոյեան, ով ի յիշատակ յանձնախումբի վաստակաշատ եւ վաղամեռիկ անդամուհի Տիկին Արփի Պարսամի, անոր ամուսնուն՝ Տիար Պօպ Պարսամին նուիրեց՝ նկարիչ Մարալ Պոյաճեանի արուեստի գործերէն մէկը։ Տիկին Ճանոյեան նոյն արուեստագէտի գործերէն նուիրեց նաեւ Տիկին Սինդի Նորեանին, Արշակուհի Դաւիթեանին, Սիպիլ Աբրահամեանին, Մարգարէթ Մգրուբլեանին, Ալիս Նաւասարդեանին, Հիլտա Ֆիդանեանին եւ Էլիզապէթ Աղպապեանին՝ իրենց մշտամնաց աջակցութեանց եւ օգտակարութեանց համար։

    Ողջոյնի խօսքը արտասանեց նաեւ «Համբարձման» յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Արաքսի Պոյամեան, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 95-ամեակին զուգընթաց Համբարձման 17-րդ տօնական այս գեղեցիկ ճաշկերոյթին մասնակցելու համար, որը նաեւ մեծ առիթ է  երախտագիտութիւն յայտնելու Արեւմտեան թեմի այն նուիրեալներուն, որոնք զինուած Քրիստոնէական անմահ հաւատքով, կը գործեն ի նպաստ Թեմի բարգաւաճումին եւ շէնացումին։

      Միջոցառման վերջաւորութեանը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարեւորելով օրուան խորհուրդն ու նշանակութիւնը., նաեւ իր դրուատանքի խօսքերն ուղղեց վաստակաշատ տիկիններ՝ Սալբի Մանկերեանին, Ատրինէ Ղուկասեանին, Սիրվարդ Քաւուքճեանին եւ Հայդի Քաւուքճեանին, ինչպէս նաեւ մշտապէս Հայ Եկեղեցուն սատար կանգնող՝ Լոս Անճելըսի շրջանային խորհուրդի պաշտօնեայ՝ Տիկին Քեթրին Բարգերին։

      Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ «Համբարձման» յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Արաքսի Պոյամեանին, փոխատենապետուհի Տիկին՝ Հերմինէ Ճանոյեանին, Տիկին Հէյտի Քաւուքճեանին, Լաուրա Արսլանեանին, Տիրուհի Պետրոսեանին, Թալին Թելեանին, Շողիկ Վարձպետեանին, Վանիա Գորդեանին, Մարալ Պոյաճեանին եւ Անի Աճեմեանին իրենց անձնուէր նուիրումի համար։

              Յընթացս մշակութային ձեռնարկի երաժշտական ​​կատարումներով հանդէս եկան Սուրբ Պետրոս Հայց․ եկեղեցւոյ «Մանուկներու ձայն» երգչախումբի սաները ղեկավարութեամբ՝ Տիկին Քավուկջեանի եւ «Շուշան» պարային խումբը ղեկավարութեամբ՝  Արամ Այրումեանի։

          Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ