Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարելի՞ է Երիտասարդացնել Մարդը. «Պենճըմըն Պաթոնի Էֆեքթ»

Հարվըրտի բժշկական դպրոցի մոլեքիւլային կենսաբան Տէյվիտ Սինկլըրի տարրալուծարանին մէջ ծեր մուկերը դարձեալ կ՛երիտասարդանան։

Օգտագործելով սպիտակուցներ, որոնք կրնան ծերացած բջիջը վերածել ցօղունային բջիջի, Սինկլըր՝ իր խումբին հետ միասին վերադարձուցած են մկաններու ծերացող բջիջները իրենց աւելի կանուխ տարբերակներուն։ Խումբին առաջին յայտնագործութեան ժամանակ, որ հրապարակուած է 2020ի վերջաւորութեան, վատ տեսողութեամբ եւ վնասուած ցանցաթաղանթով ծեր մուկերը յանկարծ կրցած են դարձեալ տեսնել, յայտնած է CNN-ը։

Ճափոնցի կենսաբժշկական գիտաշխատող, բժիշկ Շինիա Եամանաքա արդէն վերածրագրաւորած է հասուն մաշկի բջիջները, որպէսզի պահուին սաղմնային կամ «փլիւրիփոթընթ» ցօղունային բջիջներու պէս, որոնք կրնան զարգանալ մարմնի որեւէ բջիջի: 2007ին կատարուած յայտնագործութիւնը գիտնականին Նոպէլեան մրցանակ ապահոված է, եւ անոր «յառաջացած փլիւրիփոթընթ ցօղունային բջիջները» շուտով յայտնի դարձած են իբրեւ «Եամանաքա գործօններ»:

Այնուամենայնիւ, չափահաս բջիջները, որոնք ամբողջութեամբ կը վերադառնան ցօղունային բջիջներու Եամանաքայի գործօններու պատճառով, կը կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը եւ պիտանի չեն երիտասարդացման համար:

Աւելի անվտանգ այլընտրանք փնտռելու համար, Սինկլըրի տարրալուծարանի «ճենեթիքս»ի մասնագէտ Եուանչեն Լուն ընտրած է չորս գործօններէն երեքը եւ «ճենեթիքօրէն» աւելցուցած՝ զանոնք անվնաս ժահրի մէջ։

Զարմանալի է, բայց մուկերու աչքերուն մէջ վնասուած «նիւրոն»ները, ուր ներարկուած են  այս երեք բջիջները, երիտասարդացած են, նոյնիսկ աճած են նոր «աքսոն«ներ կամ «փրոճեքշըն»ներ ուղեղէն դէպի աչքեր։

Սինկլըր նշած է, որ հետազօտութիւնը այն մասին, թէ արդեօք «ճենեթիք»ական միջամտութիւնը, որ վերակենդանացուցած է մուկերը, կրնայ նոյնը ընել մարդոց համար, կը գտնուի կանուխ փուլերուն մէջ: Տարիներ կ՛անցնին, մինչեւ մարդկային փորձարկումները աւարտին, վերլուծուին, եւ, եթէ ապահով եւ յաջող ըլլան, զանգուածային մակարդակի հասնին։

 Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ