Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեգալստեան Տօնը Մեծ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեց Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

    Կիրակի, 5 Յունիսի 2022-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Ս․ Պատարագ մատուցանեց՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։

       Սրբազան արարողութեանը ներկայ էին Լոս Անճելըսի շրջանի գլխաւոր Շերիֆ՝ Տիար Ալէքս Վիլանիւեւան իւր տիկնոջ եւ պաշտօնէութեան հետ, ինչպէս նաեւ, համայնքային զանազան միութեանց անդամներ, հիւրեր եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:

       Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը Հոգեգալստեան մեծ Տօնին  խորհուրդով առ լեցուն, իր հոգեշունչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնելով Ս. Հոգիի գալստեան խորհուրդին, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տուած խոստումին համաձայն, տեղի ունեցաւ վերնատան մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ի մասնաւորի նշեց, որ «Այսօր մենք կը նշենք, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ծնունդը, որը իրականացաւ Քրիստոսի խոստմամբ եւ Սուրբ Հոգու էջքով։ Հոգեգալստեան խորհուրդը մեզ կը բացայայտէ Սուրբ Եկեղեցւոյ այն գեղեցիկ ինքնութիւնն ու իրականութիւնը, որով ամէնքս մէկ ենք ի Քրիստոս»։ ­Սրբազան հայրը խօ­սե­ցաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս Ս. ­Հո­գիին մշտամնայ ներ­գոր­ծու­թեան եւ ա­նոր շնորհք­նե­րով ու բա­րի պտուղ­նե­րով առլեցուն հոգեւոր կեանքի յառաջընթացի մասին, քաջալերելով ամէնքը, որպէսզի Աստուծոյ պատուիրաններու եւ Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ ապրին իրենց աստուածապարգեւ կեանքը։

     Իր քարոզի վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրը բժշկութեան աղօթք կատարեց 13-ամեայ Ալէքս Դարբինեանի, շուտափոյթ ապաքինման համար, այնուհետեւ իր խօսքն ուղղելով ներկաներուն բացատրեց, որ այս եւ նմանօրինակ հիւանդներուն շտապ անհրաժեշտ է ոսկրածուծի ցողունային բջիջներու փոխպատուաստում, ինչը հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն այն դէպքում, եթէ հայ համայնքէն ներս գտնուին ոսկրածուծի համապատասխան նուիրատուներ: Ապա Սրբազան Հայրը խօսելով ABMDR-ի՝  մեծ առաքելութեան մասին,  հիացմունք յայտնեց ինչպէս կազմակերպութեան անդամներուն, աջակիցներուն, այնպէս ալ ոսկրածուծի բոլոր նուիրատուներուն իրենց կամաւոր նուիրումի համար, նշելով, որ ասիկա առիթ մըն է փրկելու մեր մէկ նմանի կեանքը։

      Պատարագի վերջաւորութեանը, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն բարերար եւ նուիրեալ՝ Դոկտ․ Վահրամ Պիրիճիքի հոգւոյն, ինչպէս նաեւ այլ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:


Յիշատակի Մեծարման Հանդիսութիւն Նուիրուած Վահրամ Պիրիճիքին

     Կիրակի, 5 Յունիսի՝ 2022-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ՝ Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ նուիրեալներէն՝ Դոկտ․ Վահրամ Պիրիճիքի յիշատակին նուիրուած մեծարման հանդիսութիւն։

     Յիշատակի հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ յետոյ ցուցադրուեց 15 րոպէանոց ֆիլմ մը, որը լուսանկարներով կը ներկայացնէր Դոկտ․ Վահրամ Պիրիճիքի կեանքի եւ աշխատանքի տարբեր պահերն ու հանգրուանները՝ մանկութենէ մինչեւ կեանքի վերջին օրերը: Ծրագրի յաջորդ բաժնի մէջ ելոյթ ունեցան ներկաներէն շատերը, ովքեր արտայայտուեցան եւ յուշեր պատմեցին Դոկտ․ Պիրիճիքի եկեղեցանուէր գործունէութեան վերաբերեալ։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տիար Տերիկ Ղուկասեան՝ ով իր խօսքին մէջ առանձնացուց այն կարեւոր գործերը, որոնք ի կատար են ածուել Դոկտ․ Պիրիճիքի կողմէ՝ այս թեմէն ներս։

       Ինքնաբուխ կերպով ելոյթ ունեցան նաեւ մեծարեալի դուստրը եւ թոռնուհին, վերջինս  ի յիշատակ իր մեծ հօր կատարեց նաեւ երկու երգ, որոնք խիստ ոգեշնչող ու ազդու տպաւորութիւն ձգեցին ներկաներու վրայ:

      Միջոցառման աւարտին  ի յիշատակ Դոկտ․ Վահրամ Պիրիճիքի սրտառուչ եւ յուզիչ խօսքով հանդէս եկաւ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, ով ներկաներուն պատմեց այն  հսկայածաւալ գործերու մասին, որոնք քրիստոնէական մեծ նուիրումով եւ խոնարհութեամբ իր ողջ կեանքի ընթացքին մշտապէս իրականացրեց Դոկտ․ Վահրամ Պիրիճիք։

      Հուսկ ամենայնի՝ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց Դոկտ․ Պիրիճիքի հոգու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

     Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:     

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ