Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ Կ’ըլլար, Եթէ․․․

Ի՛նչ կ’ըլլար, եթէ օր մը մարդիկ արթննային  ու տեսնէին, որ   այլեւս որկրամոլութիւն, նախանձ, փառասիրութիւն, բարկութիւն, յիշաչարութիւն, նենգութիւն, դաւաճանութիւն, տկարութիւն, վախկոտութիւն, սրբապղծութիւն,  դաւաճանութիւն եւ մարդկային նմանատիպ այլ արատներ չկան։

Այդ ատեն աշխարհի վրայ  բոլոր մարդիկ զիրար կը  յարգէին, ամէն մարդ իր աշխատանքը կը կատարէր,  հոգ կը տանէր այն բանի մասին՝ որ իսկապէս կարեւոր է եւ իր պարտականութիւններուն հանդէպ պատասխանատու կ’ըլլար: Ամէն մարդ իր կեանքը կ’ապրէր, իր շրջապատը մաքուր պահելով։ Ամէն մէկը իր պարտականութիւններուն սահմաններուն մէջ կ’աշխատէր, եւ աշխատանքը բարեխղճութեամբ կը կատարէր:  Չէր դատեր, չէր գողնար, չէր դաւաճաներ, չէր մատներ, չէր ուրանար, որոգայթներ չէր նիւթեր, ագահ չէր ըլլար, աչքը ուրիշին ունեցածին վրայ չէր դներ, նենգամիտ չ’ըլլար,  հայրենիքը չէր դաւաճաներ, չէր ուրանար, չէր արդարանար, այլ՝ կ’ապրէր  ըստ խիղճի թելադրանքին։

Մարդկութեան նետուած մեծագոյն մարտահրաւէրը կ’ըլլար այս մէկը։ Բարդ կենսական ընթացք մը, որ ոչ բոլորը կրնային յաղթահարել։

Բայց պահ մը եկէք պատկերացնենք , որ իսկապէս կարելի է իրականացնել. մասնաւոր բարդ երեւոյթ մը չէ: Երկինքէն աստղեր պիտի չիջեցնենք, եւ ոչ ալ ովկիանոսներ պիտի չորցնենք։ Հետեւաբար, ի՛նչն է  որ կը դրդէ մարդոց ըլլալ ոչ թէ մարդ, այլ մարդկային կերպարի ցածորակ նմանակում։ Մենք որպէս մարդ , որպէս ծնող, որպէս քաղաքացի, որպէս ղեկավար ո՞ւր կը թերանանք: Մեր հասարակութեան մէջ ինչո՞ւ չենք կրնար ներարկել, ներմուծել  մարդկային տարրական բարոյական չափանիշներ։ Արդե՞օք  «ազգային դիմագիծ» արտայայտութիւնը միայն երկու բառ պարունակող , ոչինչ արժող արտայայտութիւն է։

Այստեղ նշուածներէն ոչ մէկը անհնար է …պարզապէս պէտք է իրականացնելու ցանկութիւնը ունենանք․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ