Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Անյայտ Ծագումով «Հայերը»

Վերջերս  ականատես եղայ տհաճ խօսակցութեան մը, որ տհաճ եւ ճնշող հոգեվիճակ ստեղծելէ բացի, նաեւ մտածելու առիթ հանդիսացաւ եւ բազմաթիւ հարցումներ առաջացուց: Հարցումներ «հայու ծինի», «հայեցի դաստիարակութեան», «հայապահպանութեան», «ազգային գաղափարախօսութեան», «հայրենապահպանութեան» եւ այսպիսի բազմաթիւ այլ գաղափարներու մասին:

Խօսակցութեան բովանդակութիւնը մօտաւորապէս հետեւեալն է. պետական կառոյցներէն մէկուն մէջ սփիւռքէն եկած հայու մը կը հարցնեն, թէ հայաստանեան անձնագիր ունի՞: Պատասխանը կ’ըլլայ այսպէս. «Ո՛չ, փառք Աստուծոյ չունիմ եւ երբեք չեմ ուզեր ունենալ»։

Առաջին հայեացքէն ոչինչ ըսող,  շատ չյուզող արտայայտութիւն է,  սակայն ժամանակի հետ քիչ-քիչ սեւ կէտը կը սկսի ճնշել եւ մեծնալ: Ճնշողը հետեւեալն է․ հայ ըլլալը կամ հայաստանեան անձնագիր ունենալը այնքա՞ն անպատուաբեր բան է, որ  մարդ ամչնայ, երբ գիտնան իր  ազգութիւնը կամ պատկանելիութիւնը: Այս խնդիրը ուրկէ՞ կու գայ. ընտանեկան դաստիարակութեան կասկածելի արժեհամակարգե՞ն, թէ պետութեան վարած քաղաքականութենէն՝  սփիւռք բնակող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ:  Հայաստանի բնակչութեան թիւէն երեք անգամ աւելի հայ կ’ապրի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Հազար ու հազար անգամ հայրենանուէր ու պարծենալի արարքներով ու գործերով յիշատակած են Հայաստանի եւ հայու անունը։ Այս հայերը հազարաւոր գործերով, գիւտերով եւ ներդրումներով ծառայած են հայրենիքի բարգաւաճման համար։ Շատեր Հայաստանի ապագային ծառայելու միտումով Հայաստան հաստատուած են՝ իրենց ընտանիքով եւ աշխատանքային ներդրումով: Ինչո՞ւ միլիոն հայու գովելի արարքը ջուր կը թափեն քանի մը՝  կասկածելի ծագումով հայեր, որոնք կ’ամչնան իրենց հայութենէն:  Եթէ Հայաստանի անձնագիր ունենալը  ամօթալի եւ պախարակելի է, ապա ինչո՞ւ Հայաստան ապրիլ, հայերէն  խօսիլ եւ հայ կոչուիլ:

Կը հասկանամ այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք այսօր բոլորս ունինք մեր երկրի ապագայի եւ անվտանգութեան վերաբերեալ։ Բայց ուրանալ սեփական հայրենիքը՞․․․․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ