Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ-ի «Յատուկ Միջոցառումներու Վարչութեան» Ձեռնարկը

Որպէս ներածական,  կը փափաքինք նախ ներկայացնել վերոյիշեալ նորակազմ վարչութեան կազմն ու անոր գործունէութեանց ծրագիրները:

Վարչութիւնը կազմուեցաւ սոյն տարուան մէջ, նպատակ ունենալով սատար հանդիսանալու ՀԲԸՄ-ի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի մեծ ընտանիքի մերձեցման եւ միութենական գործունէութեանց վերակենդանացման,  համայն Միացեալ Նահանգներու տարածքին «քորոնա համաճարակին»  պատճառով ակամայօրէն ստեղծուած, անցեալի մօտ երկու տարիներու բոլոր միութենական եւ ընտանեկան միջոցառումներու ամուլ կարգավիճակը բարեկարգելու եւ վերականգնելու նպատակով:

Վարչութիւնը կազմուած է 9 անդամներէ, որոնք են:

Տիկիններ՝ Աստղիկ Տատուրեան, Պէթի Քոչեան, Արաքսի Սվաճեան, Նուշիկ Լաթերովեան, Դոկտ. Սիլվա Գարայեան, իրաւաբան Ժանին Սուքիասեան, Սիլվա Գափրիէլեան, Թինա Մամեան եւ պրն. Յովհաննէս Այնթապլեան:

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորակազմ վարչութեան բոլոր ներկայի եւ ապագայի միջոցառումներուն: Այստեղ պարտինք յիշել թէ՝ վարչութեան գործունէութեանց ծրագիրը  հիմքաւորուած է հայրենիքի եւ սփիւռքի անմիջական կարիքներուն օգտակար հանդիսանալու նպատակներով, իրենց կազմակերպած միջոցառումներու բերումով, որոնց հասոյթները պիտի յատկացուին ըստ այնմ:

Վարչութեան անդրանիկ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 Յունիս 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Նազարեան հանդիսասրահին մէջ, Քանոկա Փարք, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, երեկոյեան ժամը 7.00-ին:

Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր միջոցառման. շատեր ներկայ էին թօթափելու համար ամիսներու առանձնութիւնն ու մենակեաց կեանքը, վերստին միանալու եւ հաճելի ժամանց ունենալու համար իրենց բարեկամներուն եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն հետ:

Պետական՝ Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգները կատարեց պրն. Վարանդ Աւաննէսեան որմէ ետք՝ հանդիսութեան բացումը կատարեց պրն. Յովհաննէս Այնթապլեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն:

Ան ներկայացուց վարչական անդամները եւ պարզեց սոյն միջոցառման նպատակը որն էր՝ Հայաստանի մէջ, «Նայիրի Ճամբարի» երեխաներուն հոգեկան եւ բարոյական նպաստ հասցնել , որովհետեւ անոնք որբերն են 2020 թուականի 44-օրեայ հայրենական պատերազմին զոհուած մարտիկներուն:

Ապա՝ պրն. Այնթապլեան հրաւիրեց ատենապետուհի տիկ. Աստղիկ Տատուրեանը որպէսզի մանրամասնօրէն ներկայացնէ օրուան յայտագիրն ու վարչութեան ծրագիրները ներկայի եւ ապագայի  միջոցառումներուն վերաբերեալ:

Տեսաերիզով ներկայացուեցաւ «Նայիրի Ճամբարը» ուր երեխաները կը ստանային հոգեկան կազդուրում եւ բարոյական նեցուկ, յաղթահարելու համար իրենց թանկագին կորուստը: Տիկ. Աննա Պարոնեան նկարագրեց այն աշխատանքը որ կը տարուէր այնտեղ, երեխաներուն հոգեկան եւ ֆիզիքական բարելաւման եւ իրենց մատաղ կեանքի  վերականգնման եւ յարատեւութեան ուղիներով, առանց որեւէ ծառայութեան զլացման, առանձին կամ հաւաքական բուժման աշխատանքներով: Ան նշեց թէ՝ նման այցելութիւններ յաճախակի պիտի դառնան այնտեղ, մինչեւ երեխաներու լրիւ վերականգնում եւ ապաքինում:

Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու աճուրդով վաճառք, վարչութեան անդամներուն կողմէ,  որոնց հասոյթը նոյնպէս կը յատկացուէր նոյն նպատակին:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնին մէջ պրն. Վարանդ Աւաննէսեան երկու գեղեցիկ երգերով ճոխացուց ներկաներուն մթնոլորտը, որը առիթ ընծայեց Դանիէլ Սարաֆեանին դաշնամուրով Արամ Խաչատուրեանի երկու նուագներու ծափողջոյններով ներկայացման:

Տիկ. Աստղիկ Տատուրեան ապա ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» քերթուածը, հմայիչ ու գրաւիչ առոգանութեամբ եւ ներկայացումով:

Հանդիսութեան գեղարուեստական վերջին բաժինը վարեց միութենական քաջածանօթ երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան ընկերակցութեամբ Արամ Լէփէճեանի երաժշտութեան, որոնք մինչեւ ուշ երեկոյ ոտքի պահեցին ներկաները իրենց հայկական ճոխ պարերով եւ ստեղծելով զուարթ եւ ուրախ մթնոլորտ մինչեւ հանդիսութեան աւարտ:

ՀԲԸՄ-ի «Յատուկ Միջոցառումներու Վարչութիւն»
Լոս Անճելըս
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ