Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծանուն Մանկավարժ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Անմեռ Յիշատակին Յուշաձողի Զետեղում

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022 առաւօտեան ժամը 10։00-ին Լոս Անճելըս գաւառի Լա Վըրն քաղաքի Mill Park-ի շատ գեղեցիկ զբօսայգիի մէկ բաժինը, անուանուած է Լա Վըրն քաղաքի բնակիչ, Լա Վըրն համալսարանի ամերիկահայ գոլէճի հիմնադիր եւ նախագահ, Ամերիկայի ողջ տարածքին մէջ առաջին հայ գոլէճին «Մաշտոց Գոլէճ»ի հիմնադիր եւ 20 տարիէ աւելի եղած է գոլէճի նախագահ եւ երեք ամերիկեան համալսարաններու մէջ դասախօս՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի անունով։

Այդ օր տեղի ունեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի պուրակի եւ յուշաձողի պաշտօնական բացման շատ տպաւորիչ եւ յիշարժան արարողութիւնը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Rotary Club միջազգային կազմակերպութեան Ամերիկայի տնօրէնութեան խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին միջազգային ակումբի ղեկավարները, Լա Վըրն քաղաքի հին եւ նոր քաղաքապետները, ոստիկանապետը, ոստիկաններու ջոկատով մը Լա Վըրն համալսարանի տնօրէնութիւնը եւ Մաշտոց Գոլէճի ուսուցչական կազմի եւ բազմաթիւ ուսանող-ուսանողուհիներ, ընտանիքի անդամները եւ ամերիկահայ ազգային եւ կրթական կեանքի անսահման սիրով ու նուիրումով ծառայած, հայրենասէր այս ղեկավարին մեծաթիւ ծանօթներէ բաղկացած՝ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր անուանակոչման այդ արարողութեան։

Արարողութիւնը սկսաւ Մաշտոց Գոլէճի ուսանողուհիներէն Անճելա Ամիրեանի «Սքանչելի Շնորհք» եւ հայկական «Կիլիկիա» ջութակի վրայ հոյակապ կատարումով։ Հանդիսավարն էր Լա Վըրն քաղաքի Rotary Club-ի Լա Վըրն մասնաճիւղի ատենապետուհի Տէպպի Տեսի ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց հանգուցեալի զաւակը՝ Պատուելի Դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեան, աղօթքով սկսելու համար այդ արարողութիւնը, ապա հրաւիրուեցաւ հանգուցեալի մեծ որդին Ճէյմս Տէր Եղիայեան, որ շատ ամփոփ կերպով խօսեցաւ իր հօր աշխատանքներուն մասին։ Անոր յաջորդեց Rotary Club-ի Լոս Անճելըս Գաւառի նախագահ՝ Շարօն Ճանսըն, որ խօսեցաւ հանգուցեալին հետ բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին, իր ունկնդիրներուն վրայ ձգած անջնջելի ազդեցութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Թիմ Հաբըրնին, որ նման այգի մը տրամադրեց այսպիսի մարդու մը, որուն ողջ կեանքը խաղաղութիւն, սէր եւ ժողովուրդներու մէջ համերաշխութիւն սերմանելն էր։

Մեր կողմէ յիշենք, թէ հանգուցեալ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 40-է աւելի երկիրներ ճամբորդած է Rotary Club ժողովուրդներու մէջ խաղաղութիւն, սէր եւ համերաշխութիւն քարոզելով եւ այս յուշաձողի վրայ իր գիտցած 4 լեզուներով հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն գրուած է հետեւեալ նախադասութիւնը. Թող խաղաղութիւն, տիրէ համայն աշխարհի վրայ։

Հանգուցեալի կրտսեր որդին պատուելի՝ Դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Rotary Club-ի ղեկավարներուն, Լա Վըրն քաղաքապետերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնեցին այս գեղեցիկ պուրակը իր հօր անունով անուանելով, ապա հրաւիրեց իր մայրը, որ փակման խօսքը ըսէ։

Տիկ. Անժելա Տէր Եղիայեան հրապարակախօսի սքանչելի ելոյթով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եղողներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս այս յուշաձողին եւ պուրակի բարեզարդման նուիրատուութիւններ տուողներուն։

Հոյակապ երգչուհի Լիզա Ճէսպայի եւ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցան «Տէրունական Աղօթքը» եւ «Հոյակապ Օրհնութիւն» աղօթքները։ Տիկ. Անժելա Տէր Եղիայեանի ժապաւէնի կտրումով վերջ գտաւ այս շատ ճոխ եւ մեզի համար հաճելի անակնկալ հանդիսացող ձեռնարկը։

Ողբացեալ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի բարի յիշատակը բազմաթիւ ծանօթներու, ընկեր-ընկերուհիներու, ուսանողներու եւ ազգայիններու սրտին եւ մտքին մէջն է ու պիտի մնայ։ Իսկ Rotary Club-ի բոլոր անդամներուն եւ ղեկավարութեան մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր ազգակիցին նման յարգանք մը մատուցելու համար։

Յ.Գ. Սիրելի հայրենակիցներ,

Անոնք, որոնք կը փափաքին այս պատմական յուշաձողին եւ պուրակի ծախսերուն մասնակցիլ, ձեր նուէրները կրնաք ղրկել La Verne Rotary Foundation Memo-ի մէջ գրելով Garbis Memorial եւ չէքերը ղրկել P.O. Box 151, La Verne, CA 91750 բոլոր նուէրները տուրքէ զերծ են։ Շնորհակալութիւն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ