Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Նիւ Եորքը Իր Վէրքերով եւ Հակասութիւններով

Նամակ Ամերիկայէն – 23 –

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհի չորս ծագերէն Նիւ Եորք հոսող թուրիսթներու ժամադրավայրն է Times Square-ը: Լայնածաւալ այս հրապարակը ուր հարիւր հազարաւոր օտարերկրեայ եւ ամերիկացի թուրիսթներ կը տողանցեն նեղլիկ մայթերուն վրայ, գիշերուան խաւարը կ՛ընկղմի գունագեղ լոյսերու ջրվէժին մէջ: Ահա, թէ ինչու Նիւ Եորքը կը յորջորջեն «քաղաքը որ չի քնար երբեք»:

Մեր մոլորակին ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող քաղաք կղզին է Նիւ Եորքը՝ շղթայուած երկու գետերով: Մշակոյթով հարուստ, ճաշարաններով, թանգարաններով եւ առեւտրական կենդրոններով անուանի՝ այս 8էն տասը միլիոն բնակիչ հաշուող քաղաքը կ՛առինքնէ ամէնուն:

Նիւ Եորքի սրտին վրայ գտնուող Central Park-ը շուրջ 900 հեքթար տարածութեամբ, ինչպէս բնիկ Նիւ եորքցիներուն,  նոյնպէս ամերիկայի տարբեր նահանգներէն եւ օտարերկրեայ թուրիսթներուն համար չափազանց hաճելի զբօսավայր մըն է:  Մոնաքոյի տարածութիւնը ունեցող գեղեցիկ այս հողաշերտը ունի կենդանաբանական պարտէզ, արուեստական լճակներ, ճաշարաններ եւ փոքրիկներու համար ժամանցի յատուկ խաղավայրեր: Նաեւ լաւապէս խնամուած ընդարձակ մարգագետիններուն վրայ, ամառնային եղանակին զանազան ելոյթներ,  եւ երաժշտական նախաձեռնութիւններ տեղի կունենան:

Նիւ Եորք քաղաքը ինքզինք ամբողջովին վերագտած չէ տակաւին Քորոնայի համաճարակէն ետք: Այսքան ատեն ետք բռնարարքներ եւ ոճիրներ տակաւին կը խլեն օրաթերթերու վերնագիրները: Միջին դասակարգը ստուար թիւով հեռու կը մնայ եւ նախընտրէ տունէն աշխատիլ: Յատկապէս հանրային փոխադրամիջոցները թատերաբեմն են խուլիկաններու կողմէն գործադրուող բազմապիսի վայրագութիւններու:

Քորոնա համավարակի ընթացքին, աւելի քան 300 հազար Նիւ եորքցիներ լքեցին այս քաղաքը անապահովութեան եւ յատկապէս եկամուտի բարձր տուրքերուն պատճառով: Անոնց փախուստը Նիւ Եորքէն, քաղաքը զրկեց 21 միլիառ տոլարի եկամուտէ: Շատ շատերուն համար որոնք հեռացան Նիւ Եորքէն հաստատուելու տարբեր նահանգներ, ինչպէս Ֆլորիտա (ուր անհատական եկամուտները տուրքազերծ են) քաղաքին կեանքի որակին տկարացումը, հանրային դպրոցներու անբաւարար մակարդակը, կեանքի սղաճը, անհաճելի կլիմայական պայմաններու առընթեր, խթան հանդիսացած են առնելու այդ քայլը:

Աննախընթաց թիւով ոստիկանները կը հեռանան իրենց ասպարէզէն, գանգատելով դատարաններու թոյլ եւ բարեացակամ վերաբերմունքէն` գող աւազակներու եւ բռնարարքներ կատարող անօրէններուն նկատմամբ:

Պաշտօնական տուեալներու վրայ հիմնուելով այս տարուայ սկիզբէն մինչեւ Յունիս ամսուան 19ը, 2,119 ոստիկաններ հրաժարած կամ հանգստեան կոչած են իրենք զիրենք: Տասը տարիներ ծառայող ոստիկանի մը թոշակը տարեկան 164 հազար տոլարի կը հասնի, ամենաբարձր թոշակը բովանդակ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Նիւ Եորք քաղաքը առլցուն է անվերջ հակասութիւններով: Շռայլելից հարստութեան կողքին կարելի է գտնել կարիքաւորներու բանակ մը: Փարթամ` դէպի ամպեր մագլցող շքեղ շէնքերէն ոչ շատ հեռու, տնանկներու շարք մը մէկ կողմէն կը մուրայ, միւս կողմէն թմրեցուցիչներու տենդագին փնտռտուքի մէջ, անոնք կ՛անտեսեն քաղաքակրթութեան ամենէն տարրական սկզբունքները:  Կ՛ըսուի թէ հինգ վաճառատուներէն երկուքը վերջնականապէս փակած են իրենց դռները: Սակայն, հակառակ յամառօրէն շրջան ընող տարաձայնութիւններու, որոնց համաձայն քաղաքին բնակիչներէն շատերը կը շարունակեն արտագաղթել, յարկաբաժիններու վարձքերը անհամեմատելիօրէն բարձրացած են: Մէկ սենեակէ բաղկացած յարկաբաժին մը ամիսը չորս հազար տոլար վարձք  կ՛ապահովէ: Պանդոկներու սակերը հոս բարձրացած են որովհետեւ երկու տարիներու բացակայութենէ  մը ետք, թուրիսթները մեծ թիւերով սկսած են վերադառնալ:  Երեւոյթներէն դատելով, ամառնային այս եղանակի թուրիսթները առաւելաբար Եւրոպայէն կու գան:

Կենդանի պատկեր մը

Նիւ Եորքի ներկայ քաղաքապետը`Էրիք Ատամզ, նախկին ոստիկան մըն էր: Երբ ան քաղաքապետութեան պաշտօնին թեկնածու էր, ընտրապայքարի շրջանին յարաճուն կերպով կը ներբողեր իր նախկին ոստիկան եղած ըլլալու հանգամանքը, պնդելով, թէ ինք լաւագոյն անձն էր զսպելու ոճիրներուն աննախընթաց աճը: Այսօր ի տես ոճիրներու սանձարձակ տարածումին, Նիւ եորքցիները ափսոսանքով եւ հիասթափութեամբ կը հետեւին քաղաքապետին անկարող ճիգերուն, սահմանափակելու համար քաղաքին անապահով միջավայրը:

Երկու շաբաթ առաջ, Յունիս 28-ին, քաղաքապետ Ատամզի երէց խորհրդականներէն Քրիսթոֆըր Պրաք, 33 տարեկան, Պրուքլին կը գտնուէր քաղաքապետին մօտալուտ այցելութեան համար նախապատրաստական պատրաստութիւնները կատարելու համար: Առաւօտեան ժամը 11ին, երբ երիտասարդ Քրիսթոֆըրը  կը շրջագայէր յարմար վայր մը որոշելու քաղաքապետին ունենալիք մամլոյ ասուլիսին համար, սեւամորթներ դէմ յանդիման կուգան եւ կը պահանջեն որ ան պարպէ իր գրպաններուն բովանդակութիւնը: Քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կ՛ազդարարէ աւազակ զոյգին թէ ինք առնչուած է տեղական կառավարութեան հետ: Աւաղ: Երկու անօրէնները ուժգին հրելով կը զգետնեն սպիտակամորթ պաշտօնեան: Անոնցմէ մին ցոյց կու տայ շապիկին տակ թագնուած ատրճանակը եւ օր  ցերեկով կը կողոպտեն զինք, երիտասարդին գրպանէն խլելով իր դրամապանակը եւ գրասենեակին պատկանող իր բջիջային հեռաձայնը:

Դժբախտաբար սակայն, այս դէպքը բացառութիւն մը չէ: Անկախութեան տօնին շաբաթավերջին, Յուլիս 4, երեք անձեր կորսնցուցին իրենց կեանքը Նիւ Եորքի մէջ ոճիրներու պատճառով:

Երբ լրագրողներ քաղաքապետին մամլոյ բանբերին հարց կու տան բացատրելու այս միջադէպը, Ֆապիէն Լեւի կը հաստատէ. «Քրիսը ամէն օր ծանր կ՛աշխատի այս քաղաքին սիրոյն եւ իր իրաւունքն է, ամեն Նիւ եորքցիի նման, աշխատիլ եւ ապրիլ  ապահով միջավայրի մը մէջ»: Քաղաքապետին խօսնակը նաեւ յայտարարած է թէ քաղաքապետ Ատամզ ճիգ չի խնայեր նուազեցնելու ոճիրներու եւ բռնարարքներու թիւը քաղաքին մէջ: Իբրեւ ապացոյց են ըսած է թէ անցեալ քանի մը ամիսներուն ընթացքին աւելի քան 30 հազար ապօրինի զէնքեր բռնագրաւուած են:

Ընթացիկ տարուան Յունուարէն մինչեւ Յունիս ամսուան 26-ին, ոճիրներու թիւը աճած է 37.8 առ հարիւր, անցեալ տարուան՝ նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած,  մինչ բռնի կողոպուտներունը` 39.4 առ հարիւր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ