Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տպաւորութիւններ՝ Հայաստանէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Չորս տարի առաջ` երբ Հայաստան գացինք, կինս եւ ես, Նիկոլ Փաշինեան նոր ստանձնած էր վարչապետի պաշտօնը եւ քալելով կ՛երթար հրապարակի վրայ գտնուող իր պաշտօնատեղին։ Մարդիկ յոյսով լեցուած էին եւ անձկութեամբ կը սպասէին փայլուն ապագայի մը մօտալուտ ժամանման . . .

Հեռուէն՝ Փոքր Մասիսը

Այս տարի առիթը ընծայուեցաւ ինծի դարձեալ Հայաստան երթալու՝ մանչ զաւակիս հետ այս անգամ, եւ ականատես դարձայ նոյն մարդոց յուսահատ վիճակին, իրենց ապագային նկատմամբ։

Հակառակ անոր՝ տեսայ որ մարդիկ կ՛աշխատէին, արձակուրդի կ՛երթային եւ ուրախ-զուարթ կը շարունակէին իրենց առօրեան։ մէկ խօսքով՝ քաղաքական իրավիճակը չէր հետաքրքրէր զիրենք այլեւս եւ անոնք ընդունած կ՛երեւէին ըլլալ իրենց վիճակուած ճակատագիրը եւ հաշտուած՝ ներկայացուած իրականութեան հետ։ Առ այդ բայց՝ բոլորին տրամադրութիւնները բարձր էին ու կեանքը կը շարունակէր իր բնականոն ընթացքը։

Երբ վարորդներու հետ կը զրուցէինք տիրած քաղաքական իրավիճակին մասին, գրեթէ անոնց պատասխանը նոյն էր։ Այսինքն՝ իշխանափոխութիւնը բան մը չփոխեց։ Մէկ խօսքով՝ Յակոբը գնաց եւ Թորոսը եկաւ։ Յետոյ ի՞նչ . . .

Երբ վարորդի մը հարցուցինք թէ ի՞նչ է կարծիքը Հալէպէն կամ Պէյրութէն եկող հայրենակիցներուն՝ որոնք ճաշարաններ կը բանային։ Պատասխանեց թէ իրենք երախտապարտ են անոնց որովհետեւ անոնք ստեղծեցին մրցակցութիւն մը, որը տեղւոյն ճաշերու եւ սպասարկութեան մակարդակը բարձրացուց։

Երբ ուրիշ վարորդի մը հարցուցինք թէ ի՞նչ է կարծիքը Երեւան հաստատուող  Ռուսերու  մասին։ Ան պատասխանեց թէ անոնք Ռուսիոյ լաւագոյն խաւը կը ներկայացնեն եւ կ՛զբաղին գիտական թէ առեւտրական մարզերուն մէջ ու շատ գոհ են իրենցմէ։

Սեւանի ափին

Բայց մէկ բան շատ յստակ թուեցաւ մեզի որ զբօսաշրջիկները զգալի կերպով շատցած էին եւ անոնք կու գային աշխարհի չորս ծագերէն։ Իսկ հետաքրքրականը այն էր որ մեծ թիւով ոչ հայեր ալ կային այդ զբօսաշրջիկներու շարքերուն մէջ, որոնք կը գնահատէին հայրենի բնութեան տեսարժան վայրերը եւ մանաւանդ իրենց համար մատչելի եւ համադամ հայկական ճաշերը։

Գիտէք անշուշտ որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ, գրեթէ երկու տարիէ է վեր զբօսաշրջիկներուն թիւը զգալի կերպով նուազած էր։ Բայց այս տարի, մարդիկ կարծես բանտերէն փախած ըլլալու զգացումին գիտակցութեամբ՝ անտեսելով ամէն նախազգուշութիւն, ճամփորդական ցուպը ձեռքերնին առնելով՝ որոշած էին արձակուրդով ճամբորդելու ամէն տեղ։

Եւ ահա արձակուրդի այդ հաճելի վայրերէն մին հանդիսացած  էր Հայաստանը` հայերու եւ ոչ հայերու համար անխտիր։ Երբ Ծաղկաձոր կ՛երթայինք, ճամբորդատար ինքնաշարժին մէջ կային 35 զբօսաշրջիկներ՝ որոնցմէ ակներեւ էին Ռուսերը, Հալէպէն եկած արաբ ընտանիք մը եւ Պելճիքայէն եկած երկու բարեկամներ։ Իսկ երբ ճոպանուղիով բարձրացանք մօտակայ բլուրը՝ հոն մենք հանդիպեցանք Տուպայէն եկած արաբներու եւ Հնդկաստանէն եկած զբօսաշրջիկներու։

Վերադարձի ճամբուն վրայ, Սեւանի ափին՝ ճաշարանի մը մէջ երբ հաւաքուած էինք ճաշի ճոխ սեղանին շուրջ, կարծես մէկ ընտանիքի մը անդամները ըլլայինք բոլորս։ Ռուս, Հայ, Արաբ կամ Պելճիքացի գոյութիւն չունէր հոն, այլ՝ զբօսաշրջիկներու խումբ մը, որոնք կը վայելէին հայրենի տեսարժան վայրի մը մը մէջ՝ մեզի հրամցուած համադամ աղանդերները, ճաշերն ու պտուղներէն նշանաւոր անուշահամ ծիրանն ու գեղատեսիլ կեռասը, ի միջի այլոց։

Քասքատի ստորոտը

Ուրիշ օր մը՝ երբ Դիլիճան ու շրջակայ վայրերը կ՛երթայինք, Հաղարծինի եկեղեցիին մէջ մենք հանդիպեցանք պսակուող ամոլի մը։ Երբ զիրենք պսակող Հայր Սամուէլին հարցուցի թէ ուրկէ՞ էին անոնք, պատասխանեց թէ փեսան Նոյեմբերեանէն էր, իսկ հարսը՝ Վանաձորէն։ Զարմացած երբ հարց տուի թէ ինչու՞ հոս, պատասխանեց թէ անոնք ընտրած էին չէզոք վայր մը` որպէսզի վիճաբանութեան եւ կռիւի առիթ չտրուի . . . Շատ տրամաբանական էր պատասխանը, չէ՞ք խորհիր!

Նոյն օրը, Գօշավանք այցելելէ ետք՝ մենք գացինք Պարզ լիճ։ Հոն՝ շատ հաճելի տեսարան մը պարզուեցաւ մեր աչքերուն առջեւ։ Զբօսաշրջիկներէն զատ կային Հայաստանցի հայեր որոնք եկած էին իրենց ընտանիքներով, վայելելու մեր հայրենի բնութեան ընծայած գեղեցիկ վայրերը։ Խրախուսիչ էր տեսնել երեխաները՝ որոնք կը վազվռտէին եւ իրենց ուրախ-զուարթ պոռչտուքներով, կը խլացնէին մեր ականջները։ Օրը Շաբաթ էր եւ մեր ժողովուրդը գիտէ շաբաթավերջը անցնել իրենց բնակարաններէն դուրս, բնութեան գեղատեսիլ վայրերուն մէջ՝ ուտելով, խմելով եւ իրենց զաւակները ուրախացնելով։

Պէտք է ըսել որ վերջին չորս տարուան մէջ, ճաշարանները կրկնապատկուած են եւ բոլորն ալ լեցուն են ոչ թէ միայն զբօսաշրջիկներով, այլ՝ տեղացի ժողովուրդով ալ, որը ուրախալի երեւոյթ մըն է։

Մենք ականատես դարձանք նաեւ երեւոյթի մը որ շատ գովելի է եւ օգտակար։ Արտասահմանէն հայեր իրենց զաւակներուն պսակադրութիւններն ու մկրտութիւնները կը կատարեն հայրենի երդիքին տակ։ Սա օգտակար է այն համոզումով որ շատ մը ազգականներ կը փութան Հայաստան, ներկայ գտնուելու իրենց մօտիկ բարեկամներու այդ արարողութիւններուն։ Որքան զբօսաշրջիկ երթայ Հայաստան, այդքան օտար դրամանիշ կը մտնէ մեր հայրենիքը, որմէ կ՛օգտուին պանդոկները, ճաշարանները եւ ինքնաշարժներու վարորդները, չէ՞ք խորհիր!

Ես պիտի ուզէի որ մեր հայրենակիցները իրենց արձակուրդներուն համար ընտրեն Հայաստանը, որուն միայն անպատեհութիւնը հեռաւորութիւնն է՝ սակայն մէկ օրուան հանգիստէն ետք, այդ ալ կը մոռցուի եւ այդ ճամբորդութիւնը իրենց կ՛ընծայէ հաճելի եւ օգտակար փորձառութիւն մը։ Բարի ճանապարհ եւ բարի վալելում ձեր բոլորին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ