Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Յիսուս Քրիստոսի Արձանի Հանդէպ Երկիւղածութիւն Եւ Սակայն

Երկիւղածութեան Տարբերակը

 ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ատենէ մը ի վեր կը կարդանք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի արձանի կանգնեցման մասին Երեւանի մէջ բարերարութեամբ յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի, երկիւղածութեամբ եւ մասամբք նորին։ Առանց կասկածելու բարերարին անկեղծութեան, յիշեցնելով մանաւանդ գեղեցիկ եւ բարձրօրէն գնահատելի հայ եկեղեցւոյ իր կառուցումը Երեւանի կից մի քանի տարիներ առաջ։ Այս մէկը թէեւ ամենասուրբ, եւ սակայն ու մանաւանդ գլխաւոր թիրախ մը ըլլալու լուրջ մտավախութիւնը կ՛ընծայէ։

Փրկչին արձանը մայրաքաղաքի բարձունքին իցիւ թէ ժողովուրդին ամբողջական պաշտամունքին եւ հիացումին առարկայ կրնայ դառնալ, նկատի ունենալով միշտ հայերուն հակառակորդ տարրերը որոնք կը սրբապղծեն արդէն մեր եկեղեցիները աջէն ու ձախէն։ Իմ մեծագոյն մտախոհութիւնը այն է թէ շուտով կրնանք զղջալ նման ձեռնարկի մը կատարման որպէս արդիւնք։

Եթէ Փրկչին հոյակապ եւ հովանաւոր արձանը սրբութեամբ պահուի, «Ամէն» պիտի ըսենք, եւ սակայն ո՛վ կրնայ երաշխաւորել այդ ապահովութիւնը։ Շուտով կրնանք ականատես ըլլալ անոր սրբապղծումին որեւէ կերպով, հարուածով մը արձանին ձեռքը կամ գլուխը կոտրելով, եւ կամ անարգ ու այլանդակ ներկերով զայն արհամարհելով, եւ այն ատեն ի՛նչ պիտի ըսենք մենք մեզի, եւ կամ ի՛նչ պիտի ընենք։ Այս իմ մտահոգութիւնն է, չսակարկել սրբութիւնը հակառակորդին արարքով որուն առաջին պատեհութեամբ թիրախ կրնայ դառնալ Մեծ Սրբութիւնը։

Մի քանի տարիներ առաջ բարերար Գագիկ Ծառռւկեան վերո-յիշեալ հայաստանեայց եկեղեցին կառուցանելով պատուեց զԱստուած  եւ Միածին Որդին հայու իսկական երկիւղածութեամբ։ Նոյնը ա՛յս պարագային պիտի ըլլար, եթէ կանոնական եւ աւանդական սահմանումները յարգուէին Մայր Աթոռի հովանաւորութեամբ, ինչ որ չէ եղած ու չձեռնարկել հրահանգուած է, իրաւամբ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական դրութեամբ։ Ո՛ւր տեսնուած է Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կամ արտաքին տարածքին Տիրոջ արձանը որպէս պահապան։ Ունինք բազմահազար Խաչքարեր որոնք կը ներկայացնեն Փրկիչն մեր Յիսուս Քրիստոս։

Այս օրերուն կը լսենք նոյնիսկ հիմնարկէքը կատարուելիք նախաձեռնութեան, եւ սակայն փորձանաւոր եւ ակնյայտնի թիրախաւորումով որ գերակշիռ պէտք է ըլլայ մեր որոշումներուն մէջ։ Այլապէս ցաւատանջ զղջումը յետոյ ոչինչ պիտի արժէ, եւ հայուն պարտքը մղձաւանջի վերածէ։

Մայր Աթոռ արդէն իսկ պաշտօնապէս զգուշացուցած է այլապէս հակականոնական նկատելով սոյն նախաձեռնութիւնը։ Իմ այս դիտարկութեամբ կը շեշտեմ կացութեան շատ փորձանաւոր ըլլալը վերոյիշեալ շատ լուրջ պատճառով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ