Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամռան Ակռաները Առողջ Պահելու Հինգ Կանոն

Ամռան եղանակին շատեր կը սկսին աւելի պաղպաղակ եւ հատապտուղներ ուտել, ինչպէս նաեւ՝ կազ պարունակող խմիչքներ օգտագործել. այս բոլորը կ՛ազդեն ակռայի «էմալ»ին վրայ եւ կը ստեղծեն «քարիես»։ Տաքը կրնայ աւելցնել ակռաներու քրոնիք հիւանդութիւնները: Այս մասին կը զգուշացնէ ատամնաբոյժ Կլեպ Փեքլին։ Ան հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է տաք եղանակին ակռաներու առողջութեան պահպանման 5 կանոններու մասին։

Արձակուրդէն առաջ բուժեցէ՛ք ակռաները

Արձակուրդէն առաջ խնդիրներէ խուսափելու համար կը յանձնարարուի նախապէս բուժել ակռաները։ Այսպիսով, կրնաք խուսափիլ այն իրավիճակէն, որ դուք ստիպուած զգաք օգնութիւն խնդրելու անծանօթ մասնագէտէ մը:

Արձակուրդին վերցուցէ՛ք սպիտակեցնող ակռայի մածուկ

Շատ հատապտուղներ եւ միրգեր կրնան գունաւորել ակռաները։ Ակռաներու գեղեցկութիւնը պահպանելու եւ լայն ու ազատ ժպտալու համար, կը յանձնարարուի արձակուրդին ձեր մօտ ունենալ սպիտակեցնող ակռայի մածուկ եւ քսել զայն օրը երկու անգամ։

Խուսափեցէ՛ք ակռաները ջերմաստիճանի հակադրութիւններու ենթարկելէ

Ջերմաստիճանի հակադրութիւնները կը վնասեն ակռաներու առողջութեան։ Փեքլինի խօսքով՝ պէտք չէ տարուիլ այնպիսի համակցութիւններով, ինչպէս՝ սուրճը պաղպաղակով կամ սառեցուած «լեմոնատ»ը՝ տաք եգիպտացորենով։

Լուացէ՛ք բերանի խոռոչը իւրաքանչիւր ուտելէ ետք

Մասնագէտին խօսքով՝ դժուար թէ  կարենաք ակռայի մածուկ օգտագործել իւրաքանչիւր  ուտելէ ետք։ Շատ աւելի դիւրին է բերանի խոռոչի լուացում կատարել։

Մի՛ արտօնէք ջրազրկում

Ջրազրկումը կ՛ազդէ ամբողջ օրկանիզմին եւ յատկապէս ակռաներու վիճակին վրայ։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ