Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուտելիքներ Որ Կարելի Չէ Սառեցնել

Որոշ պարագաներու սառեցուած սնունդը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր սկզբնական կառուցուածքը, այլեւ կրնայ վնասակար ըլլալ առողջութեան համար: Նման կարծիք յայտնած է «թերափիսթ եւ կասթրոէնթերոլոճիսթ» Սերկէյ Լոփաթին զրոյցի մը ընթացքին։

Սառեցուած հատապտուղներու, միրգերու եւ բանջարեղէնի օգուտներն ու վնասները բժշկական հանրութեան մէջ հակասութիւններ կը յառաջացնեն։ Մէկ կողմէ, նոյնիսկ ցած ջերմաստիճանի պարագային, պտուղները կը պահպանեն օգտակար նիւթերու մեծ մասը, սակայն միւս կողմէ սովորական սառցախուցին մէջ սառեցնելը չ՛արտօներ առաւելագոյնս խնայել վիթամիններն ու «մայքրոէլեմընթ»ները, որովհետեւ այդ մէկը կարելի է կատարել յատուկ սարքաւորման վրայ սառեցման միջոցով։

Մասնագէտին խօսքով՝ կարելի չէ ցած ջերմաստիճանային ազդեցութեան ենթարկել վարունգը, դդումը եւ կաղամբը։

Փափաքելի է նաեւ չսառեցնել հազարին տերեւները եւ կանաչիները։

Հաւկիթը նոյնպէս կարելի չէ սառեցնել, որովհետեւ ջերմաստիճանի փոփոխութիւնները կը յառաջացնեն կեղեւի ճեղքեր, որոնց մէջ կրնան ներթափանցել ախտածին «պաքթիրիա»ներ։

Փափուկ պանիրները, բժիշկին համաձայն, նոյնպէս կարելի չէ պահել սառնարանին մէջ՝ ատոնք ոչ միայն կը կորսնցնեն իրենց համը, այլեւ կառուցուածքը, ինչ որ կրնայ խոցելի դարձնել «պաքթիրիա»ներու նկատմամբ։

Մասնագէտը կտրուկ ձեւով կ՛արգիլէ կրկնակի սառեցնել սառեցուած միսը, թռչնամիսը, ձուկը եւ ծովային ուտելիքները։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ