Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաղպաղակը Կոկորդի Ցաւ Կը Յառաջացնէ՞

Ռուսիոյ Քլինիքական ֆարմաքոլոճիի եւ դեղագործութեան ազգային գործակալութեան քլինիքի գլխաւոր բժիշկ Լեոնիտ Քարեւ պատասխանելով լրագրողի հարցումին ըսած է, որ պաղպաղակը կոկորդի ցաւ չի կրնար յառաջացնել:

«Պաղպաղակը չի կրնար կոկորդի ցաւի պատճառ դառնալ։ Այս հիւանդութեան պատճառը վարակն է. յաճախ քրոնիք, որ կ՛ապրի քիթ-կոկորդին մէջ: «Հայփոթըրմիա»ն կրնայ միայն սադրիչ գործօն ըլլալ, որ կը յառաջացնէ հիւանդութիւնը: Ուստի քրոնիք «թոնսիլիթ» ունեցող մարդիկ պէտք չէ պաղպաղակ ուտեն՝ յատկապէս սրացման փուլին»,- ըսած է բժիշկ Քարեւ։

Մասնագէտին խօսքով՝ առողջ մարդոց համար թէ՛ պաղպաղակը, թէ՛ շատ պաղ խմելիքները չափաւոր քանակութեամբ կրնան նոյնիսկ օգտակար ըլլալ՝ ատոնք կը «կարծրացնեն» կոկորդը։

Ան նշած է, որ հիմնական կանոնները՝ չափաւորութիւնը եւ կանոնաւորութիւնն են։ Նախ պէտք է խմել սենեկային ջերմաստիճանի խմելիքներ, այնուհետեւ, աստիճանաբար անցնիլ սառնարանի խմիչքներուն։ Ատոնք պէտք է խմել ուտելէն առաջ, փոքր չափաբաժիններով, բերանին մէջ քիչ մը պահելէն ետք։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ