Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներ­կա­յութեամբ եւ մասնակցութեամբ, տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է Հոգեւորականներու Միօրեայ Ժողովներու ընթացքին, Ժողովական օրակարգի տարբեր նիւթերու կարգին, ունենալ նաեւ Հոգեւորականներու կողմէ դասախօսական ելոյթներ՝ աստուածաբանական, Եկեղեցական, Ծիսական, Հովուական եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վերաբերող այլազան նիւթերով:

Այս օգտաշատ աւանդութիւնը շարունակելով, Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022ին, Թեմիս Առաջ­նորդարանէն ներս (Պըրպենք), Թեմի բոլոր Հոգեւորականներու ներկայութեամբ, տեղի պիտի ունենայ 2022 տարուան վերջին  միօրեայ Ժողովը:

Նկատի ունենալով, որ 2022 թուականը կը նշէ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 95րդ տարեդարձը (1927), Հաւատացեալներու «Քրիստոնէական Կեանքը» աւելի խթանելու եւ խո­րացնելու հեռանկարով,  ընտրուած է «ԵԿԵՂԵՑԻՆ Կ’ԱՂՕԹԷ» ընդհանուր բնաբանը: Այս բա­նա­ձե­ւումը, իբր հոգի ու գաղափարական, կ’արտայայտէ Արեւմտեան Թեմի կրօնական առա­քե­լու­թիւնը առաջնորդող հիմնական հոգին:

Այս առիթով, Միօրեայ Ժողովին պիտի ներկայացուին երեք շահեկան նիւթեր.¬

  1. «Եկեղեցին կ’աղօթէ», եկեղեցական-աստուածաբանական մերձեցում (նիւթը կը ներ­կա­յա­ցնէ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան):
  2. «Աստուծոյ Խօսքը ներկայ է Եկեղեցւոյ Ծիսական Աղօթքի Կեանքին մէջ» (կը ներկայացնէ Արժն. Տ. Եղիշէ. Քհնյ. Քսաճիքեան):
  3. «Մարդոց սրբութիւնը Եկեղեցւոյ Աղօթքին էական նպատակն է եւ Առաքելութիւնը» (կը ներ­կա­յացնէ Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան):

Այս ելոյթներուն պիտի մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշն. Դանիէլ Եպս. Ֆընտգեան, որու ներկայացնելիք նիւթի մասին պիտի անդ­րա­դառ­նանք յաջորդաբար:

Ուշագրաւ եւ յագեցնող նիւթեր են ասոնք, որոնց մէջ թէ՛ Հոգեւորականը եւ թէ՛ հաւատացեալը հաւասարապէս կրնայ եւ պէտք է ինքզինքը գտնէ եւ տեղադրէ Եկեղեցւոյ «Հոգեւոր» կեանքէն ներս: Վերոյիշեալ նիւթերը հաստատապէս կրնան նպաստել, որ Քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը սերտօրէն կապուած մնայ Եկեղեցւոյ «աստուածային» առաքելութեան:

Ժողովական Հայրերու հովուական համոզումն է, որ Եկեղեցւոյ կապուած հաւատացեալներուն կեանքը եւ հոգեւոր աճումը անպայման կը գտնէ իր հոգեկան լուսաւորութիւնը եւ յագեցումը:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ