Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Լեռնային Ղարաբաղի Ճակատագիրը

44-Օրեայ Ահաւոր Պատերազմէն Ետք

Տխրահռչակ Պայմանագիր

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կովկաս Կը Վտանգուի

Երկու տարիներ անցան Հարաւային Կովկասի յանկարծակի եւ ամենէն կործանարար պատերազմէն ի վեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը կը մնայ շատ մտահոգիչ, ոչ նուազ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը՝ ենթակայ մեծ պետութեանց միջամտութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զգօնութեան։ Յայտնի դարձաւ անգամ մը եւս որ ՀՀ  կարող չէ եղած ղեկավարել մեր երկիրն ու Արցախի հանրապետութիւնը։ Առ այժմ մեր յոյսը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պայտընի եւ Արեւմուտքի վրայ կը մնայ։ Սա երբեք չի նշանակեր ձեռնածալ նստիլ եւ կամ բողոքներու շարանով բարձրաձայնել։ Իսկական դիւանագիտութիւն եւ քաղաքական կողմնորոշում հարկ է ամէն բանէ առաջ։

Հայ քաջարի զինուորներ հազարներով նահատակուեցան 44 օրուան պատերազմին՝ վասն հայրենեաց։ Ամէն անկեալ զինուոր լուսատու եւ անմար եւ պաշտպան մնայուն ջահ    մը հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու երկայնքին։ Սաստիկ ռմբակոծումներով քանդուեցան Ստեփանակերտն ու շրջանի հայաբնակ գիւղերը, եւ մեծ տէրութիւններ միայն խրատ բաշխեցին, մինչեւ Ռուսաստանի շատ ուշացած միջամտութիւնը որ ծառայեց թէ՛ բարեդէպ հրադադարին եւ թէ՛ ապիրատ պարտութեան, յատկապէս Արցախի մեծագոյն մասին, Շուշիի եւ այլ կարեւոր հողամասերու անարգ յանձնումին։ Իսկ անցեալ շաբաթ յանձնուեցան լաչինի խաղաղ բնակչութիւնը՝ լքելով իրենց Աղաւնոյի եւ շրջակայ գիւղերու բնակարանները։

Գաղտագողի խմբագրուած նոյեմբեր 10, 2020 թուականի համաձայնութեան համար հայ ժողովուրդին մեծ մասը մինչեւ այսօր ծանրօրէն կ՛այպանէ Հայաստանի Վարչապետը՝ ինքնագլուխ կատարած ըլլալով յանձնումները, հայ ժողովուրդը յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան մատնելով, միանգամայն վարչապետին ու ներկայ կառավարութեան հրաժարումը պահանջելով։ Տակաւին քրիստոնեայ կարծուած աշխարհը կը զօրակցի Ատրպէյճանին, եւ սակայն մեր վերջին յոյսը դրած ենք այսօր ԱՄՆ-ի եւ Արեւմուտքի վրայ։ Անկասկած Ուաշինկթընէն անմիջական եւ վճռական միջամտութեան կարիքը կայ համեմատական ներկայութիւն եւ նեցուկ ցոյց տալով։ Անշուշտ կայ նաեւ մեծերու միջեւ հաւանական ընդհարումներու վտանգը։

Անդրադարձ

Երբ հարիւրամեակ մը առաջ Հայաստան Սովետական Հանրապետութիւն դարձաւ, ժամանակն էր անիրաւութեանց դիմադրել, եւ յաջորդ օրն իսկ խնդրոյ առարկայ հողամասերը՝ Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը Հայաստանի անքակտելի մաս յայտարարել՝ հակառակ այն օրերու Ատրպէյճանի նախագահ Նարիման Նարիմանովի պահանջին։ Ուստի Ատրպէյճան իսկոյն 1920 Դեկտեմբեր 1-ի յայտարարութեամբ հրաժա-րեցաւ պնդելէ իր պահանջին վրայ՝ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան, յստակօրէն ըսելով, «այսօրուանից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախկին սահմանները յայտարար-ուած են վերացուած, եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը ճանաչւում են Հայկական Սոցիալիստական Հանրապետութեան անքակտելի մասը»։

Կարեւոր է արձանագրել որ 1920 Ապրիլ 28-ին էր որ Ատրպէյճան Սովետական տիրոյթ դարձաւ եւ Նախագահ Ն. Նարիմանով, հակառակ իր հանդիսաւոր խոստովանանքին, միեւնոյն ատեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը տկարացնելու միտումով, եւ իբր թէ «ի նպաստ Սովետական ուժերու յառաջացումին», պահանջեց որ Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը Ատրպէյճանին կցուին։ Ասոր համաձայն չէր սակայն Սովետական Ռուսաստանի Կեդրոնական Համայնավար Կուսակցութիւնը, պնդելով որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի տարածութիւններուն որո՛նց պատկանիլը յետաձգուի մինչեւ քաղաքական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը։ Այստեղ հնչեց կեղծիքին «արդարացուցիչ» արձագանքը։

Մարաջախտ Ստալին իր ձայնը սոյն որոշման միացնելով իր մէկ յօդուածին մէջ կ՛ակնարկէր թէ «Սովետական Ատրպէյճանը Դեկտեմբեր 1-ին կամաւոր կերպով հրաժարուեց վիճելի նահանգներից, եւ յայտարարեց երեք տարածքների կցումը Հայաստանին»։ Տաս օր ետք, Դեկտեմբեր 12-ին, Մոսկուայի մէջ Սովետական Հայաստանի ներկայացուցիչներ՝ Ս. Տէր Գաբրիէլեան եւ Ա. Մռավեան հանդիպում կ՛ունենային Ստալինի հետ եւ կը յայտնէին թէ «այդ հարցերը գտել են իրենց ճիշդ լուծումը»։ Այդ որոշումին հետեւեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթի 1921 Յունիս 19-ի համարին մէջ, ուր կը տեղեկացուէր թէ «յետ այսու Լեռնային Ղարաբաղը հանդիսանում է Հայկական Սովետական Հանրապետութեան անքակտելի մասը»։ Միաժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը Ասքանազ Մռավեանը կը նշանակէր արտակարգ լիազօր Լեռնային Ղարաբաղի։

Ռուսաստանի Դիրքորոշումը        

Եթէ երեսուն տարի առաջ Ռուսաստան սրբագրեց նախկին Սովետական կարգերու սխալները, այսօր ան Հայաստանի սահմանները կը պաշտպանէ Արցախը յանձնելով թշնամիին որպէս տուրք, եւ առանց պատմական որեւէ հիմքի Դադիվանքն ու Ամարասը, Գանձասարն ու Ամենափրկիչը մեծագոյն վտանգի մատնելով, քմահաճ ժպիտ մըն ալ ետին ձգելով որպէս բաժինը հայ ժողովուրդին։ Ռուսաստանի յապաղած, գաղտնի եւ միակողմանի հոգածութիւնը եղաւ վնասներուն վրայ բարդել կակուղ բարձ մը որպէս սպեղանի, խաղաղապահ զօրքի զետեղումով, թէեւ կարեւոր եւ սակայն հայոց համար նուաստացուցիչ, եւ հակառակորդին համար՝ դիւրաբեկ խաղալիք։ Ատրպէյճան այդ բարձը շուտով մէկ կողմ պիտի շպրտէր ու անպատկառ կերպով պատմական հետքերը բնաջնջէր՝ Ռուսաստանի հայեացքին ներքեւ։ 

Ելքը կը մնայ նոյնքան խռովիչ ու մտահոգիչ։ Պատմական, մշակութային, կրօնական եւ աշխարհաքաղաքական տուեալները բոլորովին ուրանալով Ատրպէյճան յամառօրէն պահանջեց Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, դարեր շարունակ հայոց բնակավայրը եղած հողատարածքներն ու հնաւանդ յուշարձանները, տգիտաբար, սուտ եւ դիտմամբ Աղուանական հռչակելով զանոնք, օրօրուելով միայն հարիւր տարի առաջ Մարաջախտ Ստալինի կատարած անարդար եւ կոպիտ սխալով։

Ատրպէյճան իբրեւ երկիր եւ ազգութիւն գոյութիւն չունէին մինչեւ դար մը առաջ, ինչպէս թուրքեր գոյութիւն չունէին Փոքր Ասիոյ մէջ մինչեւ ԺԵ դար։ Փառք եւ պատիւ հայորդի զօրքերուն որոնք, ինչպէս երեսուն տարի առաջ նաեւ այսօր, իրենց արեան գինով հայրենիքն ու հայ ժողովուրդի պատիւը պաշտպանեցին, եւ սակայն նշանները կը մնան խորապէս մտահոգիչ։ Այս բոլորին մէջ ամենէն նիհարն ու անճարակը մեր երկրի Վարչապետը դուրս եկաւ, ընելիք չունենալով եւ ըսելիք փնտռելով։

Այո՛, ճգնաժամի ենթարկուեցաւ ու ստիպուեցաւ առանձինն դիմել անձնատուութեան։ Քաջութիւնը այս կերպ չըլլար, այլ միայն պատասխանատու պետական կառոյցներու ուժովն ու անոնց միջոցաւ։ Եթէ ժողովուրդը ընդվզած է այսօր, ճիշդ այդ պատճառով ընդվզած է, մութին մէջ կատարուածը յանուն եւ ի գին պետութեան յանկարծ պիտի լսուէր, մինչդեռ միւս երկու պետութիւնները, Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը պետականօրէն տեղեակ էին այդ չստորագրուելիք տխրահռչակ թուղթին խաբեպատիր բովանդակութեան։ Մեր վարչապետը չգիտցաւ, կամ լաւ եւս խաբուեցաւ, փորձառութիւնն իսկ չունէր եւ ակամայ թէ՛ ստորագրեց  եւ թէ՛ կորաքամակ զղջաց։

Աստուած մի արասցէ եթէ այդ թուղթին զօրութեամբ Ազերիներ բոլորովին վերատիրանան Ղարաբաղի տարածքին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ հալածանքի  ստոյգ վտանգին առջեւ։ Առանց անոր ալ արդէն մեր երկիրը ետ գնաց մղոններով, քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ բարոյապէս։ Վստահութիւն կոչուածը հեռացաւ, ատելութիւնը տիրապետեց, շփոթն ու կասկածը տարածուեցան։ Կարդացի եւ շշմեցայ այն տասնեւմէկ երկիրներու ցանկը որոնք իբրեւ թէ կը զօրակցին Ատրպէյճանին,, որմէ յայտնի կ՛ըլլայ որ «ողորմութիւն» մըն ալ անոնք կը կատարեն Ատրպէյճանին «փոխան արծաթի»։

Նախիջեւանի Կնճիռը

Այս տարի անցեալ մարտ ամսուն իբր թէ կը լրանար Նախիջեւանի ինքնավար մարզին Ատրպէյճանին յանձնումին հարիւրամեայ պայմանաժամը, ու Ատրպէյճան զայն պէտք էր վերադարձնէր Ռուսաստանի։ Ահա՛ անակնկալ ապտակ մը երկուքին՝ թուրք եղբայրներուն։ Սակայն այդ պիտի հասնի՞ թէ չորցած թուղթին վրայ պիտի մնայ, ա՛յն թուղթին որ Ռուսաստանի Նախագահին ձեռքովն ու անարժէք ժպիտով ցոյց տրուեցաւ աշխարհին։  Ռուսաստանին աչքը լոյս եթէ այդ թուղթը չկորսնցուցած տէրը դառնայ Նախիջեւանին ու զայն յանձնէ իր իրաւատիրոջ։

Մայր Աթոռի Միջնորդութիւնը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մտահոգուած Արցախի կրօնական հաստատութիւններու անորոշ եւ վտանգալից վիճակով անձամբ օժանդակութիւն խնդրեց Ռուս Օրթոտոքս Կիրիլ Պատրիարքէն։ Դադիվանքի հայոց համար բաց մնալուն ու եկեղեցական պաշտամունք կատարելու ցանկութեամբ եղած միջնորդութիւնը Ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ բարեբախտաբար օգտակար եղաւ։ Նոյնպէս Գանձասար Վանքի հնադարեան ձեռագիր մատեաններն ու սրբազան անօթները կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան փոխադրել։ Աւաղ սակայն Շուշին գնաց։

Պատահեցաւ նաեւ Արցախի Թեմակալ Առաջնորդին փոփոխութիւնը երկար տարիներ ետք։ 1988 թուականէն ի վեր Թեմակալ Առաջնորդութիւնը կը վարէր Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան մեծ նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ։ Հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ Սրբազանին Հայրապետական Պատուիրակի նոր պաշտօնը յանձնուեցաւ եւ զինք փոխարինեց Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանը։ Յայտնապէս, որքան որ գիտենք, թեմի եկեղեցիներուն կարգավիճակն ալ անխախտ մնացած չէ նորանշանակ եպիսկոպոսին անմիջական վարչութեան ներքեւ, հակառակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերջերս կատարած հայրապետական այցելութեան։ Ամենէն կենսականը Թեմի Շուշիի մայր եկեղեցւոյ իրավիճակն է, որ ակներեւ վերանորոգութեան պատուաըին տակ արդէն եղծուած է ու անճանաչելի այդ զմայլելի եկեղեցին որ յատուկ թիրախը դարձաւ անողոք թշնամիին։ Հարց կը մնայ եթէ Ռուս խաղաղապահ զօ՞րքը պիտի պաշտպանէ եկեղեցւոյ ընթացիկ գործունէութիւնը ապահովել ժամանակաւորապէս, թէ աւելի մնայուն ընթացք մը պիտի ստանայ Արցախի Թեմին գործունէութիւնը ընդհանրապէս։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ