Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Մենք Կանգնած Ենք Ձեր Ժողովուրդի Կողքին. ԱՄՆ Քոնկրեսականներու Ուղերձը՝ Արցախի Հանրապետութեան Օրուան Առիթով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ֆրէնք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը, Ճէքի Սփիրը, Տէյւիտ Վալտաոն եւ Ադամ Շիֆը շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին՝ Արցախի անկախութեան 31-ամեակին առիթով:

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Նախագահ Յարութիւնեան, կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Արցախի ժողովուրդը անկախութեան 31-ամեակին առիթով: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ եւ կանգնած է ձեր ժողովուրդի կողքին, քանի որ դուք անհաւանական տոկունութեամբ կը դիմակայէք Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն եւ շարունակուող մարտահրաւէրներուն:

Մենք կը մղենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, որ բոլոր հասանելի դիւանագիտական գործողութիւններով պատժուին ազրպէյճանական եւ թրքական վարչաձեւերը՝ 2020-ին Արցախի դէմ յարձակման եւ մինչ օրս շարունակուող մահաբեր գործողութիւններուն համար:

Մենք Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՝ընենք նշանակալի աջակցութիւն յատկացնելու Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած ընտանիքներուն եւ անոնց, որոնք քաջաբար կը մնան ձեր երկրի մէջ՝ այդ մահաբեր յարձակումներէն ետք: Այս հակամարտութիւնը կ՝ընդգծէ միջազգային դերակատարներու կողմէ նախագահ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու խիստ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ բարեխղճօրէն վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան: Բացի այդ, մենք կարեւոր կը համարենք Արցախի ժողովուրդին ուղիղ մասնակցութիւնը երկրի տարածքային ամբողջականութեան, միջազգային կարգավիճակի եւ կայուն ու տեւական խաղաղութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն:

Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Ձեր վարչակազմին միջեւ պաշտօնական փոխգործակցութեան հաստատման աջակցելուն եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք Ձեր հետ աշխատանքին՝ Արցախի վերափոխման ուղղութեամբ:

Եւս մէկ անգամ ընդունեցէք մեր անկեղծ շնորհաւորանքները այս կարեւոր օրուան առիթով: Մենք ամբողջապէս կ՝աջակցինք ձեր երկրին»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ