Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Խեղճ ու Անբա՞խտ, Թէ … Անհեռատես

Ըսել, որ 2020-ի Նոյեմբեր 10-էն յետոյ մեզմէ ոչ ոք կը սպասէր այն, ինչ Սեպտեմբեր 13-ի առաւօտը բերաւ Հայաստանին, անկեղծօրէն ճշմարտութենէն հեռու է։ Նոյնիսկ ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մասին ոչ մէկ գիտելիք ունեցող մարդիկ, միայն հոտառութեամբ կը հասկնային,  որ այն ինչ սկիզբ առաւ 2020-ի Սեպտեմբերին, Նոյեմբերին իր աւարտին չհասաւ։ Այն պիտի շարունակուէր այնքան ատեն, որ մեր երկու գարշելի դրացիները դեռ չեն հասած իրենց փափաքին:

Պատկերացուցէք ագահ, անհանդարտ ու անկիրթ պզտիկ մը յաճախ բակ երթայ ուրիշ պզտիկներու հետ խաղալու համար, խաղավայրէն առնէ այն, ինչ որ ուզէ, նոյնիսկ եթէ իրեն չի պատկանիր: Այդպէս կը վարուի, որովհետեւ իր մեծ եղբայրը ըսած է. «Առ՝ ինչ որ կ’ուզես, ես քու կողքդ եմ, քեզ կը պաշտպանեմ»:  Ու անհանդարտ, անդաստիարակ պզտիկը ասոր-անոր ձեռքէն կը փորձէ առնել այն, ինչ որ միտքէն կ’անցնի: Հանգիստ կը ձգէ անոնց, որոնք զօրաւոր են եւ առիւծի պէս կը մռնչեն, բայց ամբողջ ոյժով կը յարձակի թոյլերուն վրայ, որովհետեւ  գիտէ, որ մեծ եղբայրը իր ընկերներուն հետ պիտի պաշտպանէ իրեն, պիտի արդարացնէ իր ըրածներն ու ինք պիտի ազատի պատժուելէ:  

Այն ինչ այս օրերուն կը կատարուի, այն՝ ինչ կատարուեցաւ 2020-ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն եւ անոր յաջորդող 2 տարիներու ընթացքին, բառացիօրէն թողութիւն է, թոյլտուութիւն է, ու մեղաւորը «մեծ եղբայրները» կամ անոր «ընկերները» չեն։ 

Մինչեւ ո՞ւր եւ ինչքա՞ն պիտի փոքրանանք ու փոքրանանք թէ՛ տարածքով, թէ՛ քանակով եւ թէ՛ հոգեպէս։

Խեղճ, անբախտ եւ ձախո՞րդ ազգ ենք, թէ՞ անկազմակերպ ու անհեռատես։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ