Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դոկտ. Դաւիթ Պապայեան, ընկերակցութեամբ Արցախի Մշակոյթի եւ կրթական փոխ նախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեանի, աշխատանքային այցով Ա.Մ.Ն. կը գտնուին: Ա.Մ.Ն.-ի արեւելեան նահանգեր քանի մը օր մնալով անոնք խիստ շահեկան հանդիպումներ ունեցան Ա.Մ.Ն. պետական ղեկավարներու եւ գոնկրեսականներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:
Յիշենք Թէ Դոկտ. Պապայեան Միացիալ Նահանգներ հրաւիրուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախուբին կողմէ: Ան պիտի պարգեւատրուի Ազատութիան մրցանակով:
Հինգշաբթի Սեպեմբեր 22, 2022 կ.ե. ժամը 5:00 ին Արցախի արտաքին գործեց նախարարը Լոս Անճելըս ժամանեց: Նոյն երեկոյեան ժամը 7:00 ին մեր հիւրերը հանդիպում մը ունեցան Ռ.Ա.Կ.-Ի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան մը հետ: Դոկտ. Պապայեանին կընկերանար Արցախի կրթութեան եւ մշակոյթի փոխ նախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ուաշինկթընի Ռոպերթ Աւետիսեան:
Մօտ երկու ժամ տեւող հանդիպումին, քննարկուեցան Արցախի ներկայ վիճակը, Կովկասի մէջ մեծ պետութիւններու շահերու բախումները եւ ինքնավար Արցախի ապագայի հարցը:
«Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքան օրհասական եւ ճակատագրական օրերու մէջ է մեր Արցախը: Եթէ գալիք քանի մը տարիներուն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի
տասը միլիոն հաշուող հայութիւնը չհամախմբուի եւ ծրագրուած աշխատանք չտանի շատ դժուարին օրեր պիտի գան մեզի» ըսաւ Դոկտ. Պապայեան: «Մեր կոչը եւ խնդրանքն է որ գալիք քանի մը տարիներուն ողջ հայութեան ուշքը եւ միտքը կեդրոնանայ Արցախի վրայ, միասնաբար մէկ սիրտով եւ ոգիով նպաստելու համար Արցախի ինքնիշխանութեան աշխատանքին», եզրակացուց Դոկտ. Պապայեան:
Լոս Անճելըսի մէջ Դոկտ. Պապայեան բազմաթիւ հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ պիտի ունենայ: Ձեռնարկներու թուականին եւ վայրերուն մասին, հետեւիլ Լոս Անճելըսի հայ մամուլին եւ հեռատեսիլի լուրերուն: