ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Անվերադարձ Հեռացաւ Մեր Բազմատաղանդ Լութֆի Թապագեանը

Երկար ու անողոք հիւանդութենէ ետք մեր շարքերէն հեռացաւ տիպար մտաւորականը, դերասանը, թատերագէտը, հրատարակիչը, հայրենասէրը, «Նոր Օր»ի խմբագիրներէն մէկը, կուսակցականը, թէքէեանականը, ամուսինն ու հայրը:

Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ ետք Ընկ. Լութֆի Թապագեան Հայրենիք մեկնեցաւ ուսանելու եւ փայլուն արդիւնքներով աւարտեց Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հաստատութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք վերադարձաւ Պէյրութ եւ լծուեցաւ հայ մշակութային կեանքի զարգացման: Թատրոնը իր կեանքն էր, գիրքն ու թերթը իր սէրերը, անշահախնդիր մամուլն ու հրապարակագրութիւնը՝ իր տարերքները:

Իր գործակիցներուն հետ ան մասնակցեցաւ սփիւռքահայ մամուլի մէջ խիզախ, անաչառ եւ ժամանակակից ձեւաւորումով «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ»ի հրատարակութեան, որուն ընթերցողներէն շատեր, յատկապէս երիտասարդներ, դարձան նոր որակի հայ գործիչներ:

Հրատարակչութեան մէջ անուրանալի դեր ունեցաւ ան՝ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Լոս Անճելըսի մէջ: Արդարեւ «Էրեբունի» մատենաշարը հայ եւ օտար հասարակութեան մատուցեց բարձր որակով հրատարակութիւններ՝ նուիրուած հայ արուեստին:

Յառաջիկային աւելի մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք մեր հանգուցեալ ընկերոջ կեանքին, վաստակին եւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն:

Առ այդ ԸՆկ. Լութֆի Թպագեանի ընտանիքին եւ հարազատերուն կը յայտնենք մեր ամենախորին ցաւակցութիւնները: Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի:

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

«Նոր Օր»ի խմբագրական եւ Վաչական կազմ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ