Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Թանկագին Ընկ. Լութֆի Թապագեանի Անմոռանալի Յիշատակին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Ի՛նչ մնաց կեանքէն ինծի ի՛նչ մնաց

Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ այն միայն»

Վ.Թ.

Քանի մը շաբաթ առաջ, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ գաղափարի սիրելի ընկեր մը, ջերմ հայրենասէր, Երեւանի Պետական Համալսարանի թատերական բաժինէն շրջանաւարտ, Պէյրութի եւ Լոս Անճելըսի մէջ թատերախումբեր հիմնող՝ ողբ. Լութֆի Թապագեան, խոր սուգի մատնելով իր սիրելի կողակիցին՝ Մատլէն Թապագեանին, երկու սիրասուն աղջիկ զաւակներուն, երկու փեսաներուն եւ վեց թոռնիկներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի շարքայիններուն, «Նոր Օր» ընթերցողներուն, ՀԲԸՄիութեան եւ ԹՄՄ-ի անդամներուն։

Ընկեր Լութֆիին հետ ունեցած եմ շատ կարճ խօսակցութիւն մը Պէյրութ, «Երիտասարդ Հայ» թերթի խմբագրատան մէջ։ Անոր պաշտօնակիցներն էին ինծի ծանօթ երկու մտաւորականներ Գերապատիւ Տէր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, գրաբարագէտ եւ «Մասիս» պաշտօնաթերթի խմբագիր, ինչպէս նաեւ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, Հայկազեան Գոլէճի գրադարանապետ (յետոյ ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի տնօրէն եղաւ)։ Այս երկուքին հրաւէրով օր մը «Երիտասարդ Հայ» թերթի խմբագրատունը հրաւիրուեցայ, որ Զուքաք Ալ Պլաթի, ներքնայարկ նկուղի մը մէջ էր։

Հոն առաջին անգամ տեսայ ընկեր Լութֆին, գեղադէմ հմայիչ արտաքինով, խիտ մազերով երիտասարդ մըն էր։ Հանդիպումը շատ կարճ եղաւ հազիւ 10-15 վայրկեան: Խօսակցութենէն գիտցայ, որ ան շրջանաւարտ է Երեւանի Պետական Համալսարանի թատերական բաժինէն։ Զինք մօտէն ծանօթ չըլլալով հանդերձ, իրեն կարծիքս  յայտնելու ըսելով  «Լիբանանը շատ լաւ երկիր մըն է, բայց հոս թատրոնի եւ դերասաններու շուկայ չկայ, քու տեղդ Եւրոպա է կամ ԱՄՆ է, հոն մասնագիտութեանդ համար մեծ շուկայ կայ»։ Անդրադարձայ որ շատ չսիրեց ըսածս, կարճի կապեց մեր խօսակցութիւնը եւ բաժնուեցանք իրարմէ։

Յետագային, բարեկամներուս հետ խօսակցութեան մը ընթացքին, ծանօթներս ըսին, այդ երիտասարդը շատ հայրենասէր անձ մըն է, «Ամերիկա կամ Եւրոպա երթալու առաջարկդ թերեւս չսիրեց»։ Արդեօք նեղուեցաւ այդ խօսքէն, ըսի ես, Հայր Անդրանիկը այս բառերով նկարագրեց զինք. «Ոչ, ոչ անիկա ասանկ շուտ նեղուողներէն չէ, ոխ, ատելութիւն չի պահեր, «ՍՈՒՐԲԻ ՊԷՍ ՄԱՐԴ ՄԸՆ Է»։  Այս խօսքերը մեծ տպաւորութիւն թողուցին վրաս։

Տարիները անցան եւ մենք անգամ մը եւս հանդիպեցանք այս անգամ հրեշտակներու մեր քաղաքը, հայր Կռանեանի խօսքերը յիշելով շատ ճիշդ բնութագրած էր մեր սիրելի ընկեր Լութֆիին, «բարին խորհող, բարին խօսող եւ բարին գործող» անձ մըն էր ան։

Խոնարհութեան եւ համեստութեան մարմնացումն մըն էր։ Չեմ յիշեր, որ օր մը ոեւէ մէկուն հասցէին ժխտական, չարախօսութիւն մը ըսէր, մանաւանդ անոնց բացակայութեան ժխտական բամբասանք մը ընէր, ընկեր Լութֆին կեանքին մէջ այնքան յարգանք ու պատիւ տեսած էր որ նման ճղճիմ ըսի ըսաւներով ոչ կը զբաղէր եւ ոչ ալ կ՚ախորժէր։

Թապագեան ամոլը Լոս Անճելըս հասնելուն պէս, անմիջապէս իրենց ծանօթներուն միջոցաւ ազգային կեանքի մէջ մտան։ Ընկ. Լութֆին հիմնեց ՀԲԸՄիութեան «Արտաւազդ» թատերախումբը, որ յետագային «Սաթամեան» թատերախումբ անունով կոչուեցաւ։ Ան եղած էր այդ խումբի առաջին ղեկավարը։ Յետոյ ստանձնեց «Լրաբեր» եւ «Նոր Օր» թերթերու խմբագրութիւնը։ Լ. Թապագեանի վերջին գլուխ գործոցը եղաւ պոլսահայ մշակոյթի գործիչ՝ Վարդերես Գարակէօզեանի հետ «Էրեբունի» հրատարակչատունը, որ հայ մշակոյթի տասնեակ մը գիրքեր հրատարակեցին շատ բարձր մակարդակով եւ տպագրութեամբ, հայ մշակոյթին կոթողները ներկայացնելով։

1986-ին Հայրենի կառավարութիւնը զինք պարգեւատրած է Խաչատուր Աբովեանի Մամլոյ եւ Ազգային-Մշակութային գործունէութեան շքանշանով։

Այդ տարիներուն Հայաստան տակաւին Սովետական Միութեան մաս կը կազմէր, անկախ հիւպատոսութիւն չունէինք Լոս Անճելըսի մէջ, բայց ունէինք Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի հայութեան ոսկէ կամուրճ հանդիսացող Ընկ. Լութֆի Թապագեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ «Էրեբունի» հրատարակչատունը։ Թապագեան Պէյրութէն յետոյ Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը երիտասարդներ Հայաստան ղրկած է իրենց բարձր ուսումը շարունակելու, որոնք սփիւռք դարձան եւ մեծապէս օգտակար եղան հայրենիքին։

Հայաստանէն Լոս Անճելըս ժամանող պետական անձնաւորութիւններ, Ընկ. Լ. Թապագեանին պէտք է տեսնէին։ Ան էր որ իրենց պաշտօնական այցելութիւններ, հանդիպումներ կը կազմակերպէր եւ կը ծրագրէր։ Այդ օրերուն Հայաստանէն եկած հիւր մը տեսնելու համար, պէտք է որ Լութֆի Թապագեանին միջոցաւ ըլլար։

1987-ին Հայաստանէն Լոս Անճելըս ժամանեց Հայաստանի Սփիւռքահայութեան Կապի Կոմիտէի նախագահ՝ Պրն. Վարդգէս Համազասպեան։ Այդ տարին ես ՌԱԿ-ի Գերսամ Ահարոնեանի ատենապետն էի։ Շատ փորձեցի քանի մի հոգիի միջոցաւ հրաւիրել հայրենի մեր հիւրը ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեանի ամսական անդամական ժողովին, բայց կարելի չեղաւ, որու որ խօսեցայ ժխտական պատասխան ստացայ ըսելով, որ Ան շատ զբաղած է։ Այդ օր Ակումբի ժողովին պիտի զեկուցէր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, նիւթ ունենալով «Ճորճ Տէօքմէճեան քաղաքական գործիչը»։ Այդ առիթով, երբ Փրոֆ. Օշինին ըսի Համազասպեանի հրաւիրելու դժուարութիւններս, ան գաղափար մը տուաւ ըսելով դուն Լութֆի Թապագեանին հետ խօսիր, այս մարդիկը որ յիշեցիր, անոնց «պոս»ը Լութֆին է: Այդպէս ալ եղաւ։ Հեռաձայն բացի Լութֆիին հրաւէրս փոխանցեցի իրեն, երբ ժամը եւ օրը գիտցաւ, ատիկա լաւ է ըսաւ, այդ օր Փասատինա պիտի երթայ «Մասիս» թերթին հինգերորդ ամեակն է, հոն պիտի ըլլայ, քիչ մը կանուխ կու գայ կէս ժամ մըն ալ Ձեզի կը հանդիպի, վերջ։ Երբ հարց տուի իրեն «կ՚ուզէ որ մենք առնենք եւ բերենք մեր գով, ան իր յատուկ քաղցրախօսութեամբ ըսաւ «մի մտահոգուիր մենք կը բերենք իրեն»։

Այդ օր Պրն. Համազասպեան ոչ թէ կէս ժամ մնաց մեր մօտ, այլ՝ մէկ ու կէս ժամ մնալէ ետք «Մասիս» թերթի պատասխանատուներէն եկած էին զինք տանելու համար, Ան  կը պատասխանէր իրենց «հիմա, հիմա գալիս ենք»։

Պրն. Համազասպեան խօսք առնելով խորապէս գոհ ձգեց մեր ընկեր-ընկերուհիները, Ան գնահատեց մեր կազմակերպութեան աշխատանքները սփիւռքի մէջ մեր ջերմ հայրենասէր ղեկավարները։ «Երբ Ընկ. Լութֆին յիշեց թէ այսօր պիտի երթանք ՌԱԿ-ի Գերսամ Ահարոնեան ակումբի անունը կրող միջոցառման, ես շատ գոհ մնացի եւ անմիջապէս ըսի երթանք շատ լաւ է, որովհետեւ կ՚ուզէի գալ եւ իմ խոնարհումս ընել եւ յարգանքի տուրքս տալ, այս մեծ հայրենասէրին, որ Գերսամ Ահարոնեան կը կոչուի», ըսաւ Սփիւռքահայութեան Կապի Կոմիտէի նախագահը։

Այսօր, ողբ. Լութֆի Թապագեանը մեր հետ չէ, բայց անոր թանկագին գործերը, որ ըրաւ եւ տուաւ մեր ժողովուրդին, յաւերժ պիտի մնան որպէս հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան փայլուն էջեր։

ԱՄՆ-ի հողը թեթեւ գայ վրադ ընկեր բարի եւ անմոռաց։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ