Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան ՎարժարանիՓոխ-Տնօրէն Մարալ Արսլանեան-Պալեոզեանի հետ

Հարցազրոյց

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Օգտուելով Տիկին Մարալ Արսլանեան-Պալեոզեանի Լոս Անճելըս այցելութենէն, շահեկան հարցազրոյց մը ունեցանք իր հետ, դպրոցի իրավիճակին եւ  Լիբանահայութիւնը յուզող այլ հարցերու մասին։

Տիկին Մարալ Արսլանեան-Պալեոզեանին հանդիպեցայ ՀԲԸ Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիք-խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Միութեան Փասատինայի համալիրի բացօթեայ դաշտին վրայ։

Հ. Կրնա՞ք դուք ձեզ ծանօթացնել մեր ընթերցող հասարակութեան։

Պ. Ծնած եմ Պէյրութ եւ ուսում ստացած եմ Պէյրութի Երուանդ Տեմիրճեան, Պօղոս Գ. Կարմիրեան նախակրթարանէն եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանէն ներս։ Ապա մասնագիտութեան համար յաճախած եմ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը։ Կազմեցի ընտանեկան բոյնս՝ համալսարանի աւարտիս, եւ արդեն մայր եմ Տոքթ. Փաթիլ եւ Դոկտ. Բիւզանդ Պալեոզեաններուն։

1998-2008 տարիներուն դասաւանդեցի գիտական նիւթեր, ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ։ 2008-2018 տարիներուն ստանձնեցի այդ վարժարանին Տնօրէնութիւնը։ Իսկ 2018-էն մինչեւ այսօր՝ Փոխ-Տնօրէնուհին եմ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններուն։

Հ. Ի՞նչ է ձեր դպրոցի աշակերտութեան թիւը եւ քանի՞ տոկոսով հայ    են անոնք։

Պ. Կանուխ է անդրադառնալ աշակերտութեան թիւին մասին այսօր։ Մեր մօտ Սեպտեմբեր ամիսը, մինչեւ քսան օր, արձանագրութեան կը տրամադրուի, սակայն նախորդ տարիներուն, կամ վերջին երկու տարիներուն վրայ հիմնուելով, մօտաւորապէս պէտք է ըլլայ 325-350 աշակերտ, որոնց 97 տոկոսը հայ են։

Հ. Որքա՞ն է աշակերտի մը կրթաթոշակը, մէկ տարուան համար։

Պ. ՀԲԸ Միութեան դպրոցի կրթաթոշակի գումարը միշտ մատչելի եւ սերտուած սահմանի մէջ եղած է բոլորին համար, սակայն ներկայ դրամի արժէքազրկումը կը հարուածէ հայ գաղութի միջին դասակարգին, որոնք կը փափաքին որ ամէն գնով իրենց զաւակները ստանան հայեցի դաստիարակութիւն։

Այս տարի նոր սակ որոշուած է տարբեր բաժանմունքներու համար եւ այդ սակի փոփոխութիւնը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ սահմանափակ մուտք ունեցող հայ ընտանիքներուն, հակառակ անոր որ համաճարակի երկու տարիներուն՝ Միութիւնը շատ փափկանկատ գտնուեցաւ անոնց նկատմամբ։ Առաջին տարին՝ բոլորովին ձրի էր դպրոցը, իսկ երկրորդ տարին՝ լաւապէս սերտուեցաւ անգործ եւ իրապէս կարիքաւոր ծնողներու պարագան։

Հիմա մենք դէմ-հանդիման ենք նոր կարգավիճակի մը, ինչպէս օրերը ցոյց կու տան, եւ մեծ յոյսեր ունինք արտասահմանի հայութեան վրայ որ օգնութեան հասնի մեզի, յատկապէս կարիքաւոր ծնողներուն։

Հ. Ի՞նչ կը պատահի եթէ աշակերտ մը անկարող է իր կրթաթոշակը վճարելու։

Պ. Զեղջի հարցաթղթիկը կը լեցուի եւ զեղջի յանձնախումբը կը սերտէ պարագան, իրաւ կարիքաւոր է թէ ոչ։ Բաւարար տուեալներ, լուծումներ եւ առաջարկներ՝ յանձնախումբն է որ ջանք կը կատարէ, ապահովելու եւ դասաւորելու հեզասահ ընթացք մը։

Հ. Նիւթական որեւէ նպաստ կ՛ստանա՞ք ՀԲԸ Միութենէն եւ կամ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններէ։

Պ. Անշուշտ նիւթական նպաստ՝ ըլլայ անհատներէ կամ հաստատութիւններէ, կը հասնին մեզի։ Մենք ալ մեր կարգին, ընդհանուր տնօրէնին եւ կամ ընդհանուր գրասենեակին տեղակ կը պահենք՝ որոնք այդ գործերով կ՛զբաղին։

Հ. Գալով ուսուցչական կազմին, կա՞ն արդեօք օտարազգի ուսուցիչներ եւ ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդեն անոնք։

Պ. Անշուշտ կան օտարազգի ուսուցիչներէ որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր կը դասաւանդեն նիւթեր, զանազան մակարդակներու վրայ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական բաժին։ Այդ նիւթերն են արաբերէնը, ֆրանսերէնը եւ աւարտական կարգի կարգ մը գիտական նիւթերը, ինչպիսին է ուսողութիւնը (math) եւ այլն։

Հ. Վստահ եմ որ տարեկան պետական քննութեանց կը մասնակցին ձեր աշակերտները։ Կրնա՞ք մեզի տեղեկացնել թէ ի՞նչ է տոկոսը անոնց յաջողութեան։

Պ. Պետական քննութեանց մասնակցութեան եւ յաջողութեան տոկոսը 99-100 է, թէ միջնակարգի եւ թէ ալ երկրորդական բաժնի։ Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել թէ ուսուցիչները անխոնջ աշխատանք կը տանին ամբողջ տարուան ընթացքին, նոյնիսկ դադարներու ընթացքին, անոնց հարցերուն լուծում տալով եւ անընդհատ լիցքաւորելով զանոնք։

Հ. Ձեր վարժարանը աւարտելէ ետք, ո՞ր համալսարանները կը յաճախեն ձեր աշակերտները։

Պ. Մեր աշակերտները կ՛ստանան կողմնորոշման (orientation) դասընթացքներ՝ Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններէն, եւ իրենց կը տրամադրուի խմբային եւ անհատական ասպարէզային խորհրդակցութիւն (career guidance), որպէսզի գաղափար մը կազմեն իրենց ընտրելիք մասնագիտութեան մասին։ Մէկ խօսքով, մեր աշակերտներուն ձգուած է իրենց մասնագիտութեան  եւ համալսարանի ընտրութիւնը, ըլլայ Ամերիկեան Համալսարան, Հայկազեան Համալսարան եւ կամ այլուր։

Հ. Շրջանաւարտից Միութիւն ունի՞ք եւ եթէ այո, ի՞նչ գործունէութեամբ կ՛զբաղին անոնք։

Պ. Այո, ունինք շրջանաւարտից միութիւն մը։ Անոնք շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքուին եւ իրենց կարելին կ՛ընեն՝ աշխարհացրիւ աշակերտներուն հետ կապեր հաստատելու։ Նաեւ ամէն տարի, անոնք կը պարգեւատրեն աշակերտները եւ անոնց համար տարեկան խրախճանքներ եւ գեղեցիկ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն։

Իսկ այս տարի, անոնք կազմակերպեցին դրամահաւաքի արշաւ մը եւ անշուշտ ունին շատ աւելի ծրագիրներ, մօտիկ ապագային համար նախատեսուած։

Հ. Նոյնպէս, Ծնողա-Ուսուցչական Մարմին մը ունի՞ք, եւ ի՞նչ է անոնց բերած նպաստը ձեր վարժարանին։

Պ. Ունինք Տիկնաց եւ Ծնողաց յանձնախումբեր։ Ծնողաց յանձնախումբը բարձրորակ ձեռնարկներ կազմակերպելով՝ հասոյթներ կ՛ապահովէ դպրոցին։ Իսկ Տիկնաց յանձնախումբը աշակերտական ելոյթներ կը կազմակերպէ՝ օրինակ Միջինքի առթիւ, եւ դարձեալ կը նպաստէ դպրոցի բարօրութեան։

Երկու տարուան համաճարակի դադարէն ետք՝ կը յուսանք որ անոնք դարձեալ սկսին գործել եւ շարունակեն գեղարուեստական յայտագիրներ հրամցնել հանրութեան եւ անշուշտ հասոյթներ ապահովել դպրոցին համար։

Հ. Վերջացնելէ առաջ, ուրիշ ըսելիք մը ունի՞ք մեր գաղութին։

Պ. Այսօր իսկապէս զգացուած եմ Լոս Անճելըսի գաղութին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հպարտ եմ որ ներկայ եղայ ձեր պարտէզը։ Շատ շնորհակալ եմ ձեր կատարած նուիրատուութիւններուն համար՝ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարանին։

Միութեան մեր նշանաբանը «Միութիւնը Զօրութիւն է» անգամ մը եւս եկաւ հաստատել հիմնադիրներու տեսլականը։

Շնորհակալութիւն Տիկին Արսլանեան-Պալիոզեան՝ ձեր սուղ ժամանակին համար, եւ յաջողութիւն՝ ձեր ապագայ ծրագիրներուն մէջ։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ