Անցնող Դեկտեմբեր ամսուն ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբը տարին փակելով շլացուցիչ “Tis the Season” տօնական համերգով, 2023-ի տարեմուտը կը նշէ բաց հրաւէրովը հայ պատանիներուն՝ միանալու ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի կրտսերներու երգչախումբին, որ բնական կապն է մեծահասակներու խումբին:
Այս ձմեռ երաժշտական հակում ունեցող 7-17 տարեկան պարման-պարմանուհիներ յատուկ հնարաւորութիւնը ունին բացայայտելու եւ մշակելու իրենց ձայնային կարողութիւնները ապահով եւ խնամող միջավայրի մը մէջ, Լոս Անճելըսի երգչախումբի խմբավար՝ Գայիանէ Բաղդասարեանի ղեկավարութեան տակ:
Տարբեր երգչախումբեր ղեկավարելու երեսուն տարուան նուիրուածութեան ու փորձառութեան շնորհիւ, Բաղդասարեան յստակ տեսիլքը ունի երգչախումբի նոր անդամներ ոգեւորելու համար: «Մեր Սուրբ Ծննդեան ելոյթէն ետք, չէինք կրնար չոգեւորուիլ եւ չկիսել յաջողութիւնները մեր երիտասարդութեան հետ: Երգչախումբերը ո՛չ միայն հիանալի միջոց են ձայնային հմտութիւններ զարգացնելուն, այլ՝ նոր ընկերներ ունենալուն եւ ամուր կապեր հաստատելուն: Տարբեր առումներով երգչախումբը կը նմանի մարզանքի. իւրաքանչիւր երգիչ խումբի անդամ է: Մեր ցանկութիւնն է, որ անոնք ըմբռնեն խմբային աշխատանքին արժէքը եւ ապրին փորձառութիւնը թէ՛ մարդոց հետ աշխատելու ներդաշնակութեան եւ թէ՛ ձայնային ներդաշնակութեան»:
Դասերը տեղի պիտի ունենան ամէն Հինգշաբթի, կ.ե. ժամը 5:00-ին, 90 վայրկեան տեւողութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական Արուեստի կեդրոնին մէջ, Փասատինա, Քալիֆորնիա: Առաջին 45 վայրկեանը պիտի կեդրոնանայ ձայնամարզութեան մէջ, ուր աշակերտները պիտի սորվին ձայնալարերու ճիշդ օգտագործում, շնչառութեան վերահսկում եւ ձայնի արձակում: «Ձայնային թեքնիքը էական է», ըսաւ Բաղդասարեան: «Հակառակ տարածուած կարծիքին, իւրաքանչիւր անձ կրնայ սորվիլ երգել, համապատասխան ցուցմունքով, ուղղութեամբ եւ մարզումներով»:
Երկրորդ 45 վայրկեաննոց դասաժամը նուիրուած պիտի ըլլայ երգչախումբի փորձերուն: Մասնակիցները պիտի փոխանցեն իրենց ձայնային հմտութիւնները եւ պիտի ներկայացնեն այդ որպէս խմբային աշխատանք: Ծրագիրին սկիզբը մայէսթրան պիտի որոշէ իւրաքանչիւր աշակերտին ձայնը՝ սոփրանօ, ալթօ, թենոր կամ պաս: Բացի այդ, աշակերտները իրենց մէջ պիտի զարգացնեն միւս աշակերտներուն երգը լսելու արուեստը, որ զիրենք աւելի զգայուն պիտի դարձնէ ներդաշնակուելու, երգերը սորվելու որպէս համոյթ եւ ձայնային տարբերութիւնները դիտարկելու առումով:
Այդ նպատակով, այս կարեւոր ծրագիրը պիտի աւարտի բեմական ելոյթով՝ ցուցադրելով LA Junior երգչախումբի յառաջընթացքը: Տարուան ընթացքին պատանիներու եւ մեծահասակներու երգչախումբերը հայ համայնքին համար պիտի կազմակերպեն տարբեր համերգներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մշակուած պիտի ըլլայ ներկայացնելով արուեստագէտներուն աշխատանքը:
ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Սէօյլեմէզեան նաեւ շեշտեց այս ծրագրին յաւելեալ արժէքը երիտասարդ սերունդին համար: «Փորձառութիւն մըն է, որ կրնայ երկար ճամբայ անցնիլ երգչախմբային երաժշտութիւնը գնահատելու համար՝ միաժամանակ զարգացնելով կեանքի այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս փորձերու կարգապահութիւնը, խմբային աշխատանքի արժէքը եւ բեմական ներկայութեան ուժը»:
«Այն հայ երիտասարդները, որոնք անցնող Դեկտեմբերին ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի երգչախումբի տօնական համերգին եւ հմայուեցան այդ ոգեշնչող երաժշտական ժանրի կախարդանքէն, հիմա ժամանակն է որպէսզի բացայայտեն իրենց սեփական «ներքին կատարողը», նշեց ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան շրջանի տնօրէն Գոհար Ստամբոլեանը:
Կանուխ արձանագրութիւնները մինչեւ 19 Յունուար 2023 կը կազմեն $100 տոլար իւրաքանչիւր պատանիի համար որպէս առաջին ամսուան վճարում: Ապա, շաբաթը մէկ կայանալիք դասերու ամսական արժէքը $120 տոլար է: Արձանագրուելու համար այցելեցէք՝ agbu.org/la-junior-choir-register: