Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023

Շաբաթաթերթ

Արցախի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է ԱՄՆ Խումբ Մը Քոնկրեսականներու, Ծերակուտականներու եւ Օրէնսդիր Թեւի Ներկայացուցիչներու Հետ (լուսանկարներ)

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ հանդիպած է ԱՄՆ խումբ մը քոնկրեսականներու, ծերակուտականներու եւ օրէնսդիր թեւի ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։

Նախարար Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբին հետ սերտ յարաբերութիւնները շարունակական եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլան նաեւ ապագային։

nkr.am

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ