Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր» Հարիւր Ամեակը

Խաչիկ Ճանոյեան

«Յարատեւող ճիգին առջեւ

Չկայ բան մը որ դիմանայ

Դժուարը դիւրին,

Անկարելին՝ հնարաւոր կը դառնայ»

Ռ. Պէրպէրեան

Կիրակի, Հոկտեմբեր 2, 2022-ին ՌԱԿ-ի աշխարհացրիւ անդամակցութիւնը ու մանաւանդ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի մեր հայրենակիցները անխառն ուրախութեամբ մեզի հետ պիտի նշեն ՌԱԿ-ի երէց պաշտօնաթերթերէն «Նոր Օր»ի գոյառման հարիւր ամեակը։

Այս օրերուն, երբ Մայր Հայրենիքը անգամ մը եւս կ՚ենթարկուի ատրպէյ­ճանական զազրելի յարձակումներու մեր ժողովուրդէն 200-է աւելի զոհեր խլելով, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթը եւս խոր ցաւի եւ ցա­սումի օրեր կ՚ապրի իր ընթերցողներով եւ ողջ ամերիկահայութեան նման։

Ճիշդ ասոր համար է, որ «Նոր Օր»ի հարիւր ամեակը պիտի նշուի զուտ պաշտօնական յայտագրով, եւ միայն անոր հարիւր տարիներու ազգապարծան եւ հայրենասիրական իր ծառայութիւնները փառաբանելով։

«Նոր Օր»ի հարիւր տարիներու կեանքը, եղաւ ԱՄՆ-ի հայ համայնքներու կազմակերպման, ձեւաւորման եւ հայրենիքի ի նպաստ բազմաբնոյթ եւ բազ­մաթիւ աշխատանքներով լեցուն վաստակ մը։

Պոլսոյ մէջ Հոկտեմբեր 1921-ին կազմուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն։ Միայն քանի մը ամիս ետք Ֆրէզնոյի մէջ ՌԱԿ-ի մասնաճիւղը հիմնուեցաւ։ 1922-ին Ֆրէզնոյի մէջ  ՌԱԿ-ը կը գնէ «Նոր Կեանք – Սիսուն – Արօր» թերթերը զանոնք միացնելով հիմնեց «Նոր Օր» ՌԱԿ պաշտօնաթերթը։

Այդ թուականէն հարիւր տարի անցած է եւ մեր թերթը անխափան լոյս տեսած է, օտարութեան մէջ ապրող հայութեան հայ պահելով եկեղեցական եւ հասարակական եւ Հայ Դատի պատուաբեր աշխատանքներ տանելով։

Այսօր հարիւր ամեայ մեր թերթը կաղնիի պէս կանգուն է իր բերքառատ անուշահամ պտուղներով։ Հայրենասիրական աշխատանքներով, ազգակերտ­ման եւ ազգապահպանման եւ Հայ Դատի հետապնդման եւ մանաւանդ ՌԱԿ-ի բոլոր հայրենանուէր ծառայութիւններուն նպաստելով, կը շարունակէ իր առա­քելութիւնը, մեր շարքայիններուն, թերթի բարեկամներու եւ գնահատողներու հսկայ բանակի մը օժանդակութեամբ եւ նեցուկով։

Հազար փառք ու պատիւ «Նոր Օր»ի հարիւր ամեայ կեանքը կերտող, պահող եւ պահպանող խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակողներուն։

Յարատեւ եւ նորանոր նուաճումներ մեր «Նոր Օր»ին։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 2, 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ