Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«ՀԲԸՄ Արուեստը» Կը Խոստանայ Մոգական Համերգ՝ Համաշխարհային Անուանի Սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի Կատարմամբ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստի կեդրոնին» վարագոյրները պիտի բարձրանան ողջունելու համար միջազգային օփերային աստղ Իզապէլ Պայրագտարեանը ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանէն ներս:

Իզապէլ Պայրագտարեան, սոփրանօ

«Կրէմի» մրցանակի դափնեկիր, Լիբանան ծնած ու Քանատայի մէջ հասակ առած Պայրագտարեանը պիտի մեկնաբանէ հայկական սիրուած աւանդական եւ ժողովրդական մեղեդիներ, օրօրոցայիններ ու աղօթքներ՝ «Երազ» խորագրեալ համերգի ընթացքին: Իրեն պիտի ընկերակցի երաժշտութեան հանրածանօթ վարպետ կատարողներու համոյթ մը, ինչպէս Էմանուէլ Յովհաննիսեան (տուտուկ), Ճիլ Էյպըր (սրինգ) եւ Էլի Չոաթ (տաւիղ): Ներկայացումը պիտի կայանայ սուրիահայ անուանի նկարիչ Գէորգ Մուրատի ստեղծած համայնապատկերային տեսողական մեկնաբանութիւններուն դիմաց:

«Այս համերգը իսկապէս եզակի է», – կ’ըսէ «ՀԲԸՄ Արուեստներու» տնօրէն Հայկ Արսէնեանը: «Այս հազուագիւտ հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր տարիքի եւ երաժշտական ճաշակի հանդիսատեսներու՝ զգալու մեր նախահայրերուն երգերուն ուժգնութիւնը, բայց նաեւ պարզութիւնը՝ իւրայատուկ պատմական մօտեցման եւ գործիքային համոյթի մշակումներու միջոցով: Այս երկու, իրարմէ շատ տարբեր ժանրերու միաձուլումը՝ նոր բազմաառարկայական հարթութեամբ, յաւելում մըն է Մուրատի ստեղծած կախարդական հզօր ֆոնին, ցուցադրուելով մեծ պաստառի վրայ», – շարունակեց Արսէնեան:

«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստի կեդրոնի» ընդունարանը

Այս ելոյթը իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ, երբ նման առաջնակարգ արուեստագէտ մը պիտի զարդարէ ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստի կեդրոնի բեմը: Բարեբախտաբար, գերժամանակակից կեդրոնը նախագծուած եւ սարքաւորուած է արդարացնելու համար Պայրագտարեաններու նման իրենց գագաթնակէտին հասած արուեստագէտներու սպասելիքները:

«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստի կեդրոնի» մայր բեմը

Ընտանեօք Քանատա գաղթելէ ետք, ան սկսաւ իր սեփական աստղային ճանապարհը հարթել, առաջին անգամ յաղթելով 2020 թուականին, Փլասիտօ Տոմինկոյի կողմէ հիմնադրուած “Operalia” օփերային միջազգային մրցոյթին: Այս եղաւ սկիզբ անոր աստղային վերելքին, ելոյթներ ունենալով Մեթրոփոլիթընի, Լա Սքալայի, Փարիզի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Ֆէյի օփերաներուն մէջ եւ Քանատական օփերային ընկերակցութենէն ներս, բազմաթիւ հեղինակաւոր այլ ընկերութիւններու եւ համաշխարհային վայրերու շարքին:

2017-ին, Պայրագտարեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային բարձրագոյն պարգեւին՝ «Մովսէս Խորենացի» մետալին: Նոյն տարին պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով: 2015-ին Պայրագտարեան պաշտօնական ճանաչումի արժանացած է Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր ժողովին կողմէ՝ մշակութային կեանքի մէջ իր ներդրած աւանդի, եւ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը խթանելուն համար: Ան նաեւ ստացած է պատուաւոր դոկտորի կոչում Քանատայի Ուիլֆրիտ Լորիէ համալսարանէն:

«Մեզի համար պատիւ է ողջունել անզուգական Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ յարգելի երաժիշտները, որոնք մաս պիտի կազմեն երաժշտական այս արտասովոր միջոցառումին»,- ըսաւ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Գործադիր տնօրէնուհի՝ Գոհար Ստամբոլեանը: «Այս ոսկեայ առիթ մըն է մեր հանդիսատեսին համար, տեսնելու եւ զգալու փայլուն ելոյթ մը միջազգային չափանիշի արուեստի եւ մշակոյթի Փասատինայի այս կեդրոնին մէջ»:

Կեդրոնին գլխաւոր ու գերազանց հանդիսասրահը յագեցած է 600 հոգի տեղաւորող յարմարաւէտ աթոռներով, նուագախումբի յարմար՝ փոս բաժինով, երկրորդ, աւելի փոքր բեմով, առանձին սրահ-սենեակով, տոմսարկղի սենեակով, ընդարձակ հանդերձարաններով եւ այլ յարմարութիւններով:

Կատարողական արուեստի կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, այցելել՝ https://www.agbupac.org

Համերգին տոմսերը ներկայիս կը վաճառուին $45 եւ $55 տոլարի: Գնելու համար այցելել https://agbupac.ticketspace.com/dream-isabel-bayrakdarian. 

Համերգին պիտի վաճառուին արուեստագէտներուն ձայնասալիկները, իսկ Իզապէլ Պայրագտարեան պատրաստ է ստորագրելու զանոնք:

Նախորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ