Սէրկէյ Լավրով դրական շեշտերով խօսեցաւ Պաքուի մէջ

Աշխատանքային այցով  Պաքու ժամանած Ռուսիոյ արտաքին գործոց  նախարարը      այսօր  խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան  մասին  ըսած է, թէ «հակամարտութեան կողմերը   եւ  միջնորդները աւելի մօտ են «յաջողութեան հեռանկարին»»: Նշենք, որ Լավրով այս  կեցուածքով  հանդէս եկած է Ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ    կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ատեն: «Հասկանալի պատճառներով մենք հրապարակայնօրէն չենք քննարկեր այն գաղափարներու մանրամասնութիւնները, որոնք կը քննարկուին նախագահներու ու ԱԳՆ ղեկավարներու հանդիպումներուն: Սէյնթ Փեթերսպուրկի հանդիպման աւարտին երեք նախագահները պայմանաւորուած են, որ զգոյշ պիտի վարուին յառաջացած յոյսի նշոյլներուն հետ, որպէսզի բաց չձգեն պահը, եւ մեկնաբանութիւնները ընդհանուր բնոյթ պիտի կրեն, առանց մանրամասնութիւններու: Ատիկա որեւէ բանակցային գործընթացի բարոյական օրէնքն է, եւ ես յոյս ունիմ, որ մենք պիտի հետեւինք ատոր: Մենք հիմքեր ունինք կարծելու, որ այս անգամ աւելի  մօտեցած ենք յաջողութեան հեռանկարին, քան առաջ էր», – յայտարարած է Լաւրով:Իր հերթին, Ազրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է. «Ընթացող բանակցութիւնները առարկայական են, բովանդակալից, եւ մենք յոյս ունինք, որ չլուծուած հարցերու շուրջ հետեւողական քննարկումներու պարագային պիտի կարենանք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ նայիլ դէպի ապագան»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ