Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Վրաստանի մէջ եղած երկրաշարժը զգացուած է Հայաստանի մէջ

Վրաստանի  մէջ  այսօր ցերեկը արձանագրուած երկրաշարժը Կիւմրիի մէջ զգացուած է 4   եւ Երեւանի մէջ 3 ռիխթըր  աստիճանի ուժգնութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած  է «Արտակարգ Իրավիճակներու  նախարարութեան»     պատասխանատուներէն՝ Հրաչեայ Պետրոսեանը:Երկրաշարժը  եղած է  ժամը 14:14-ին, Հայաստան- Վրաստան սահմանային գօտիի մէջ եղող  Պաւրայէն 13 քմ․ դէպի հիւսիս- արեւելք: Երկրաշարժը զգացած են Հայաստանի հիւսիսը, Կիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Ալավերտի քաղաքներուն մէջ` 4-5 աստիճան, Երեւանի մէջ` 3 աստիճան ուժգնութեամբ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ