«Մենք իրար հետ կը խօսէինք երաժշտութեան լեզուով» Եաննին հայրենի ջութակահար Սամուէլ Եէրվինեանի մասին

Աշխարհահռչակ  երաժիշտ  եւ յօրնող Եաննի            իր խումբի անդամներէն   հայրենի ջութակահակար  Սամուէլ Եէրվինեանի մասին      տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսաննիւթին մէջ   Եաննի     կը շեշտէ,  որ իր  Եէրվինեան իր  խումբի    հիմնական անդամներէն    ըլլալէ  բացի,  նաեւ      հմուտ երաժիշտ է:  Եաննի պատմած է, թէ իրենց  առաջին հանդիպումներու ատեն   Սամուէլ բաւարար անգլերէն  չէր գիտեր եւ  իրենց միջեւ խօսակցութիւնը կ’ըլլար   երաժշտութեամբ: Եաննի ըսած է, թէ Սամուէլ կու գայ Հայաստանէն եւ կը տիրապետէ   յունական,     պուլկարական   եւ նոյնիսկ  պարսկական երաժշտութեան    եւ անոր  կատարումները կը համարուին այդ    ժողովուրդներու մշակոյթի ակունքներէն բխող     երաժշտութեան    համա:    Իր կարգին    Եէրվինեան     (տեսնել տեսանիւթը)           լսելէ ետք  Եաննի ի  խօսքերը կարճ   կատարումներ ընելով    ցոյց  տուած է իր բացառիկ հմտութիւնները:   Տեսանիւթի աւարտին Եէրվինեան ժպիտով մը    կը «սրբագրէ» Եաննիի   մէկ խօսքը շեշտելով, թէ ինք Եաննիին    կ’ընկերակցի արդէն   14    եւ ոչ թէ  10 տարիէ ի վեր ինչպէս  ըսած էր Եաննին: 

 

 




ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ