Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեան յատուկ կոչ ըրած է մասնակցելու Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Արցախի թելեթոնին

Աւստրալիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան նամակով մը կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալահայ գաղութին՝ մասնակցելու Արցախի անվտանգութեան, ապահովութեան եւ խաղաղութեան նուիրուած թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016ին:

 Թելեթոնը պիտի հեռարձակուի «Արմէնիա Մետիա» ընկերակցութեան «Ֆէյսպուք»ի էջին, ինչպէս նաեւ «Արմէնիա» ռատիօժամին միջոցաւ (FM 99.3):

Ստորեւ՝ Աւստրալիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին նամակը.

 

«Սիրելի հայ Ժողովուրդ,

Վերջին արցախեան ընդհարումները ցնցեցին ողջ հայութիւնը հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ: Իբր հետեւանք՝ ունեցանք մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, հողային-տարածքային զիջում եւ աւերում՝ Մարտակերտի, Մատաղիսի եւ Թալիշի շրջաններուն մէջ:

Հետաքրքրական էր սակայն հայ ժողովուրդի ցուցաբերած զօրակցութեան ոգին՝ ըլլա՛յ Հայաստանի եւ ըլլայ Սփիւռքի մէջ, ուր հազարաւոր հայորդիք պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու եւ նեցուկ կանգնելու վտանգուած հայրենիքին:

Այսօր այդ վտանգը կասեցուած է, բայց ոչ վերացած: Արդէն իսկ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները, բազում կազմակերպութիւններ եւ անհատներ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերած են զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն կամ աւերուած տուներու նորոգութեանց ի նպաստ:

Աւստրալիոյ հայութիւնն ալ բնականաբար անտարբեր չէր կրնար մնալ այս ճգնաժամային երեւոյթին դիմաց եւ եկեղեցին ու այլ կազմակերպութիւններ արձագանգեցին եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախին: Սակայն բոլոր թերութիւնները չեն, որ վերացած են, պէտք է ապահովել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը, ինչ որ մեծ միջոցներու եւ երկար ժամանակի կը կարօտի:

Ուրախ ենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր հովանիին տակ գտնուող կազմակերպութիւններով, Արցախի զօրակցութեան համար, թելեթոնի միջոցաւ, կազմակերպած է դրամահաւաքի արշաւ մը:

Վստահ ենք որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն պիտի ապահովէ գումարներուն ապահով փոխանցումը Արցախ, այլ եւ պիտի հետապնդէ անոնց ամբողջական օգտագործումը իրենց բուն նպատակին եւ ապագային ժողովուրդին պիտի ներկայանայ իրագործուած ծրագիրներու ցանկով: Թափանցիկ հաշուետուութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի ապագային ալ, երբ կարիք զգացուի ժողովուրդը վստահօրէն արձագանգէ կոչին եւ զօրավիգ հանդիսանայ նպատակին:

Կը քաջալերենք մեր ողջ համայնքը սատար հանդիսանալու այս ազգանուէր եւ վեհ ձեռնարկին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախի ապահովութիւնը Հայաստանի ապահովութիւնն է: Արցախը դարպասն է Հայաստանի, իսկ առանց Հայաստանի՝ Սփիւռքի մեր գոյութիւնն ալ անիմաստ կը դառնայ:

Թող Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, ձեզ առողջ պահէ եւ ձեր գործերուն յաջողութիւն պարգեւէ:

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ