Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան (HDP) ելոյթ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս մասին այսօր գրած է «Արեւելք» կայքը: Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է , որ Փայլան Լոնտոն պիտի ժամանէ յառաջիկայ կիրակի օր եւ անոր պիտի ընկերակցին թուրք եւ քիւրտ աքթիւիսթներ եւ իրաւապաշտպաններ: Նշենք, որ Փայլանի կողքին նոյնպէս ելոյթներով հանդէս պիտի գայ Տիարպէքիր ապրող քիւրտ յայտնի իրաւապաշտպան Մուհարրէմ Էրպէյ եւ երկու գործիչները համատեղ ելոյթներ պիտի ունենան հայ, քիւրտ եւ թուրք լսարաններու առջեւ: Տեղի ունենալիք միջոցառումները կազմակերպուած են Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս հիմնարկ»ին կողմէ, որուն որպէս գործընկեր միացած է քրտական «Peace in Kurdistan» հիմնարկը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տարածքին տարբեր միջոցառումներ իրականացուցած «Կոմիտաս հիմնարկ»ը ներկայիս ապահովական մտավախութիւններով Թուրքիոյ մէջ դադրեցուցած է իր նախաձեռնութիւնները եւ այդ պատճառով ներկայ հանգրուանին յարմար նկատած է նման շահեկան նախաձեռնութիւն մը իրականացնել Անգլիոյ մէջ: